
Բրիտանիոյ ներքին գործոց նախարար Սաժիտ Ժաուիտ յայտարարեց, որ «ՏԱՀԵՇ-ի հարս» բրիտանացի Շամիմա Պիկըմէն խլուած է քաղաքացիութիւնը:
Պիկըմ չորս տարի առաջ` 15 տարեկանին, ՏԱՀԵՇ-ի քարոզչութենէն ազդուելով հեռացած էր Բրիտանիայէն եւ Սուրիոյ մէջ միացած ՏԱՀԵՇ-ին: Ան Սուրիոյ մէջ ամուսնացած էր հոլանտացի ժիհատականի մը` 26 տարեկան Եակօ Ռիտճիքի հետ, սակայն տարիներ վերջ ան այժմ կ՛ուզէ իր երկիրը վերադառնալ իր նորածինին` Ժարրահին հետ:
Ան նախապէս հիւանդութեան եւ սնունդի պակասի պատճառով երկու զաւակ կորսնցուցած էր:
Պիկըմ ՏԱՀԵՇ-ի վերջին կեդրոնէն` Պաղուզէն հեռանալէ ետք անցեալ շաբաթ յայտնաբերուած էր սուրիական գաղթակայանի մը մէջ:
Ըստ 1981-ին որդեգրուած Բրիտանական քաղաքացիութեան օրէնքին, անձ մը կրնայ իր քաղաքացիութենէն զրկուիլ, եթէ ներքին գործոց նախարարը համոզուի, որ ատիկա «նպաստաւոր է հասարակութեան», եւ խնդրոյ առարկայ անձը ատոր պատճառով առանց պետութեան պիտի չմնայ: Պիկըմի մայրը պանկլատեշցի է, եւ ըստ Պանկլատեշի օրէնքին, ան եւս կրնայ պանկլատեշցի ըլլալ:
Բրիտանացի պահպանողական երեսփոխան Ճորճ Ֆրիմըն յայտնեց, որ քայլը «սխալ» մըն է եւ պիտի ըլլայ «վտանգաւոր նախադէպ» մը:
Նշենք, որ Պիկըմ «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած էր, որ որեւէ զղջում չի զգար եւ շատ հանգիստ կ՛ապրէր «Իսլամական խալիֆայութեան» տակ:


