Ռուսիոյ արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններն են` վստահութեան ամրապնդումը, պայքարը ամբողջ աշխարհի համար հասարակաց սպառնալիքներու դէմ, համագործակցութեան ընդլայնումը տնտեսութեան բնագաւառին մէջ, այս հիման վրայ աշխատանք կը տարուի ՄԱԿ-ի, ԱՊՀ-ի, Քսաններու խմբակի, ՊՐԻՔՍ-ի մէջ եւ այլ հարթակներու վրայ: Այդ մասին յայտարարեց Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին` Դաշնակցային խորհուրդին յղած ուղերձին մէջ:
«Մեր արտաքին քաղաքականութեան գերակայ հարցերը բացայայտ են. ատիկա վստահութեան ամրապնդումն է, պայքարը ամբողջ աշխարհի համար հասարակաց սպառնալիքներու դէմ, համագործակցութեան ընդլայնումը տնտեսութեան, առեւտուրի, կրթութեան, մշակոյթի, գիտութեան եւ ճարտարագիտութիւններու բնագաւառներուն մէջ, մարդոց միջեւ հաղորդակցութեան արգելքներու ջնջումը: Ճիշդ այդ հիման վրայ ալ մենք աշխատանք կը տանինք ՄԱԿ-ի մէջ, ինչպէս նաեւ Անկախ պետութիւններու հասարակապետութեան, Քսաններու խմբակին, ՊՐԻՔՍ-ի, Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան հարթակներուն վրայ», նշեց ան:
«Համարկման գծով գործընկերներու հետ միասնաբար պիտի շարունակենք ձեւաւորել հասարակաց շուկաներ, ամրապնդել Եւրասիական տնտեսական միութեան արտաքին կապերը, որոնց շարքին պէտք է կեանքի կոչել «Մէկ գօտի, մէկ ճամբայ» չինական նախաձեռնութեան հետ զուգորդման վերաբերեալ արդէն որդեգրուած որոշումները` իբրեւ անցում մեծ եւրասիական գործընկերութեան ստեղծման: Չինաստանի հետ մեր իրաւահաւասար, փոխշահաւէտ յարաբերութիւնները այսօր կարեւոր կայունացնող գործօն են համաշխարհային գործերուն մէջ, Եւրասիոյ անվտանգութեան ապահովման բնագաւառին մէջ, տնտեսութեան մէջ արդիւնաւէտ համագործակցութեան օրինակ ցոյց կու տան», աւելցուց նախագահը:
Ռուսիոյ նախագահը իր ուղերձի ընթացքին խօսեցաւ նաեւ նոր ծովային գերձայնային «Ցիրքոն» հրթիռին մասին:
Ըստ Փութինի, անիկա պիտի ունենայ 9 թափէն աւելի արագութիւն, 1000 քիլոմեթրէ աւելի խոցման հասողութիւն:
Խօսելով ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւններուն մասին` Փութին նշեց, որ Ռուսիան հետաքրքրուած չէ Միացեալ Նահանգներու հետ առճակատումով եւ պիտի սպասէ, թէ ե՛րբ Միացեալ Նահանգներ պիտի գիտակցին, որ Ռուսիան լիիրաւ գործընկեր է:
Խօսելով Միջին եւ փոքր հասողութեամբ հրթիռներու ոչնչացման համաձայնագիրէն` ՍԹԱՐԹ-էն Միացեալ Նահանգներու դուրս գալուն մասին` Փութին նշեց, որ ինքնին Ուաշինկթընն է, որ խախտած է համաձայնագիրը եւ մեղաւորներ կը փնտռէ:
Ան նաեւ Միացեալ Նահանգներուն կոչ ուղղեց` մէկ կողմ ձգելու համաշխարհային զինուորական առաւելութիւն ստանալու պատրանքը:



