Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ վաղը` հինգշաբթի, 21 փետրուարին, Գերմանիոյ մէջ տեղի ունենալիք Պայէր Լեւերքուզըն – Քրասնոտար «Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին, փլէյ-օֆի դարձի մրցումին հսկիչ նշանակուած է Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի իրաւարարական եւ տեսչական բաժանմունքի ընդհանուր պատասխանատու Կարէն Նալբանդեան:
Անոնց միջեւ, 1-16-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ կատարուած երթի մրցումը աւարտած էր 0-0 արդիւնքով:



