Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը որոշեց արմատապէս փոխել գերբաժակի մրցաշարքին կայացման ձեւը:
«Մարքա» հաղորդեց, որ յառաջիկայ ամառ Սպանիոյ գերբաժակի մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ երկրէն դուրս եւ անոր պիտի մասնակցին չորս խումբեր:
Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Լուիս Ռուպիալես, որ նախապէս դէմ արտայայտուած էր Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունենալիք Ժիրոնա – Պարսելոնա «Լա լիկա»-ի մրցումին, ինք է, որ կատարեց այս յայտարարութիւնը:
Նախորդ ամրան ընթացքին, գերբաժակի մրցումը տեղի ունեցած էր Մարոքի մէջ. մէկ ճակատում միայն, որուն ընթացքին Պարսելոնա յաղթած էր Սեւիլլային (2-1):
Անիկա նախապէս տեղի կ՛ունենար երթուդարձի դրութեամբ:



