Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Եւ Հարաւային Օսեթիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնները Համագործակցութեան Համաձայնագիր Ստորագրած Են

February 20, 2019
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

18 փետրուարին Հարաւային Օսեթիոյ Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Տմիթրի Մետոյեւի հրաւէրով, Արցախի Հանրապետութեան (Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան) պատուիրակութիւնը` արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի գլխաւորութեամբ, աշխատանքային այցելութիւն տուած է Հարաւային Օսեթիա:

Արցախի արտաքին գործոց նախարարութենէն կը յայտնեն, որ 19 փետրուարին Արցախի Հանրապետութեան եւ Հարաւային Օսեթիոյ Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ ստորագրուած է համագործակցութեան համաձայնագիր: Համաձայնագիրի ծիրին մէջ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է, մասնաւորապէս, արտաքին գործոց նախարարներու կամ այլ մակարդակով կանոնաւոր կերպով խորհրդատուութիւններ եւ բանակցութիւններ իրականացնել փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող միջազգային, շրջանային եւ երկկողմանի հարցերու շուրջ: Համաձայնագիրով կը նախատեսուի նաեւ միացեալ նախաձեռնութիւններու եւ ծրագիրներու իրականացում` փորձի փոխանակման, աշխատանքային կապերու հաստատման եւ ամրապնդման, տարատեսակ փորձուսուցումներու կազմակերպման ոլորտներուն մէջ, դիւանագիտական շրջանակներու նախապատրաստման համար կարելիութիւններու փոխադարձ օգտագործման նպատակով պայմաններ ստեղծելու հարցով:

Այցելութեան ծիրին մէջ տեղի  ունեցած է Արցախի արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի եւ Հարաւային Օսեթիոյ արտաքին գործոց նախարար Տմիթրի Մետոյեւի հանդիպումը, որուն ընթացքին քննարկուած են երկու հանրապետութիւններու արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ ստորագրուած համաձայնագիրի շրջանակներուն մէջ համագործակցութեան եւ երկկողմ կապերու ամրապնդման ուղիները, ինչպէս նաեւ շրջանային գործընթացներուն առնչուող հարցեր:

Իսկ դարձեալ 19 փետրուարին Հարաւային Օսեթիոյ Հանրապետութեան նախագահ Անաթոլի Պիպիլով ընդունած է նախարար Մասիս Մայիլեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Անաթոլի Պիպիլով յոյս յայտնած է, որ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ ստորագրուած համաձայնագիրի շրջանակներուն մէջ եւ, ընդհանուր առմամբ, Հարաւային Օսեթիոյ Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան միջեւ կը զարգանայ երկուստեք փոխադարձ շահաւէտ համագործակցութիւն:

Հանդիպումի ընթացքին միտքեր փոխանակուած են կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի, զբօսաշրջութեան եւ մարմնակրթութեան մարզերուն մէջ միացեալ ծրագիրներու  իրականացման շուրջ:

Նախորդը

ԵԱՀԿ-ի Գործող Նախագահը Երեւան Պիտի Այցելէ

Յաջորդը

Յայտարարութիւն ՀՅԴ Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէութեան 71-րդ Շրջանային ժողովի

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.