Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը կ՛ուսումնասիրէ Ռէալ Մատրիտի Կալեսցի միջնապահ Կերըթ Պէյլի դրսեւորած ոչ մարզավայել մէկ կեցուածքը` Աթլեթիքօ Մատրիտի դէմ տեղի ունեցած «Լա լիկա»-ի մրցումին (23-րդ հանգրուան):
Իր նշանակած կոլէն ետք, Պէյլ վիրաւորական արարք մը կատարած էր Աթլեթիքոյի համակիրներուն դէմ:
Եթէ փաստուի, որ ան այդ կեցուածքին մէջ յանցաւոր է, ան կրնայ 4-էն 12 մրցումով կախակայուիլ, հաղորդեց սպանական մամուլը:



