Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Միութեան Դեսպան Քրիսթինա Լասըն Հանդիպում Ունեցաւ Ներքին Գործոց Նախարար Ռայա Հասանի Հետ

February 19, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ, դեսպան Քրիսթինա Լասըն երէկ հանդիպում ունեցաւ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Ռայա Հասանի հետ եւ զայն շնորհաւորեց իր նոր պաշտօնը ստանձնելուն համար` տրուած ըլլալով, որ ան առաջին կինն է, որ կը գլխաւորէ ներքին գործոց նախարարութիւնը շրջանին մէջ:

Դեսպան Լասըն վերահաստատեց կառավարութեան աջակցելու Եւրոպական Միութեան յանձնառութիւնը`  երաշխաւորելու համար Լիբանանի ապահովութիւնը, Եւրոպական Միութեան նոյն ժամանակ պահելով քաղաքացիներուն իրաւունքները, կիներու իրաւունքները եւ կիներու նկատմամբ բռնութեան դէմ պայքարը իբրեւ կարեւոր առաջնահերթութիւններ: Դեսպան Լասըն ընդգծեց Լիբանանի մէջ ազատ արտայայտութեան կարեւորութիւնը եւ անոր նկատմամբ մարտահրաւէրներու վերահսկումի ու լուծման անհրաժեշտութիւնը:

Դեսպան Լասըն ընդգծեց Եւրոպական Միութեան աջակցութեան տարբեր մարզերը` բարեփոխելու Լիբանանի ապահովութեան մարզը եւ օժանդակելու Ներքին ապահովութեան ուժերուն, ներառեալ` ընկերութեան կարիքներուն ուղղուած ոստիկանական ձեւի գործադրումը եւ բանտերուն մէջ աւելի լաւ պայմաններու որդեգրումը: Եւրոպական Միութիւնը նաեւ աշխուժօրէն կ՛աջակցի ազգային համացանցային ապահովութեան մարտավարութեան եւ սահմաններու կառավարման:

Դեսպան Լասըն եւ նախարար Հասան քննարկեցին տեղական զարգացումը, ենթակառոյցները եւ ծառայութիւններու մատչելիութիւնը տնտեսական տագնապէն ամէնէն շատ տուժած շրջաններուն մէջ:

Կողմերը անդրադարձան Եւրոպական Միութեան եւ լիբանանեան իշխանութիւններուն միջեւ լաւ գործակցութեան` 2018-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին: Դեսպան Լասըն նախարար Հասանին յանձնեց Եւրոպական Միութեան Ընտրութիւններու դիտորդական առաքելութեան զեկուցումը եւ ընդգծեց կարեւորութիւնը շարունակելու սերտ գործակցութիւնը ներքին գործոց նախարարութեան հետ` իրականացնելու Ընտրութիւններու դիտորդական առաքելութեան յանձնարարականները:

 

 

Նախորդը

Պըրրի Հրաւիրեց Միացեալ Նիստի Մը` Ուսումնասիրելու Ընկերային Ապահովագրութեան Ազգային Սնտուկին Վերաբերեալ Օրէնքի Առաջարկը

Յաջորդը

Ղարիպ Սուրիոյ Տեղական Ինքնակառավարման Նախարարին Հետ Քննարկեց Տեղահանուածներու Թղթածրարը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.