Հիւսիսային Քորէան իր զարգացման մէջ «բեկումնային պատմական պահ» կ՛ապրի երկրի ղեկավար Քիմ Եոնկ Ընի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի երկրորդ վեհաժողովի նախաշէմին, որ կը նախատեսուի 27-28 փետրուարին, Վիեթնամի մայրաքաղաք Հանոյի մէջ: Այս մասին ըսուած է Հիւսիսային Քորէայի «Նոտոն սինմուն» կեդրոնական օրաթերթի մեկնաբանութեան մէջ:
«Մեր երկիրը բեկումնային պատմական պահ կ՛ապրի», կ՛ընդգծեն յօդուածի հեղինակները` յորդորելով բացուող կարելիութիւնները օգտագործել Հիւսիսային Քորէայի տնտեսական աճի կշռոյթներու արագացման համար: «Մեզի համար եկած է ժամանակը ամուր կապելու կապերը եւ արագ վազելու` մեր առջեւ ունենալով աւելի մեծ առաջադրանք, որովհետեւ վրայ պիտի հասնի վճռորոշ պահը», կը նշուի յօդուածին մէջ:
Թրամփ անցեալ շաբաթ յայտարարած էր, թէ Ընի հետ երկրորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 27-28 փետրուարին, Վիեթնամի մայրաքաղաքին մէջ: ՆՀՔ պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Հանոյը իբրեւ վեհաժողովի վայր ընտրուած է Փիոնկիանկի նախաձեռնութեամբ:
Յիշեցնենք, որ երկու ղեկավարներուն միջեւ պատմութեան մէջ առաջին հանդիպում տեղի ունեցած էր 12 յունիս 2018-ին, Սինկափուրի մէջ:



