Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Իրանի խորհրդարանի ազգային անվտանգութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան յանձնախումբի փոխնախագահ Հիւսէյն Իպրահիմի յայտնած է, որ Իրան Թուրքիոյ մէջ տեղակայուելիք ՕԹԱՆ-ի հակահրթիռային համակարգը չէզոքացնելու ծրագիրներ ունի եւ որեւէ յարձակումի պարագային Իրան հաստատ զանոնք պիտի հարուածէ:
«Միլլիյէթ» կը հաղորդէ, որ իրանցի երեսփոխանը «Շարք» օրաթերթին հետ հարցազրոյցին ընթացքին ըսած է, որ Թուրքիոյ մէջ գտնուող թիրախները հարուածելը Իրանի բնական իրաւունքն է եւ անիկա հաստատ պիտի իրագործուի:
Հիւսէյն Իպրահիմի յիշեցուցած է Իրանի օդուժի հրամանատար, զօր. Էմիր Ալի Հաճիզատէի խօսքերը. վերջինս բացայայտ կերպով սպառնացած էր Թուրքիոյ` շեշտելով, որ Իրանի դէմ որեւէ յարձակումի պարագային Իրան նախ եւ առաջ պիտի հարուածէ Թուրքիան: «Զօրավար Հաճիզատէի խօսքերը լրիւ տեղին են: Մեր դէմ կատարուելիք յարձակումի մը պարագային պաշտպանուիլը բնական իրաւունք է», ըսած է Հիւսէյն Իպրահիմի:


