Աշխատանքային այցելութեամբ Գերմանիոյ մէջ գտնուող` Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանը հանդիպած է Միւնիխի անվտանգութեան միջազգային համաժողովի նախագահ, դեսպան Վոլֆկանկ Իշինկերի հետ:
Նախագահ Սարգսեան նշած է, որ տարուէ տարի Միւնիխի անվտանգութեան համաժողովը աւելի ներկայացուցչական կը դառնայ, իսկ քննարկուող խնդիրները կ՛արտացոլեն միջազգային անվտանգութեան արդի մարտահրաւէրները:
Նախագահ Սարգսեան կարեւոր նկատած է դեսպան Իշինկերի մեծ ներդրումը համաժողովին` իբրեւ միջազգային ազդեցիկ հարթակներէն մէկուն կայացման գործին մէջ:
Նախագահ Սարգսեան եւ դեսպան Իշինկեր միտքեր փոխանակած են համագործակցութեան կարելիութիւններու մասին:
Արմէն Սարգսեան հրաւիրած է դեսպան Իշինկերը` այս տարուան յունիսին մասնակցելու առաջին անգամ Հայաստանի մէջ կազմակերպուող «Արմինիըն Սամիթ աֆ մայնտզ» վեհաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ հանրապետութեան նախագահի բարձր հովանիին տակ:



