Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միւնիխի Խորհրդաժողով. «Սուրիոյ Տագնապին Վերաբերող Որեւէ Լուծում, Որ Կառավարութեան Հետ Չէ Համադրուած` Կրնայ Հարցեր Ստեղծել» Շեշտեց Պու Սաապ

February 18, 2019
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապ շաբաթավերջին մասնակցեցաւ Միւնիխի մէջ տեղի ունեցած անվտանգութեան 55-րդ խորհրդաժողովին, որուն շրջագիծին մէջ «Սուրիոյ տագնապը` ռազմավարութեան եւ ողբերգութեան միջեւ» խորագիրը կրող լսարանի մը ընթացքին ան շեշտեց Սուրիոյ հողային ամբողջականութեան անհրաժեշտութիւնը` ընդգծելով Սուրիոյ տագնապին լուծման գծով երկրին կառավարութեան համաձայնութեան կարեւորութիւնը:

«Անհրաժեշտ կը նկատեմ, որ Սուրիոյ տագնապին լուծման մէջ իր ներդրումը ունենայ նաեւ Արաբական լիկան: Սուրիոյ տագնապին վերաբերող որեւէ լուծում, որ կառավարութեան հետ չէ համադրուած` կրնայ հարցեր ստեղծել», ըսաւ ան:

Պու Սաապ կոչ ուղղեց Սուրիոյ դիմագրաւած հարցերուն մասին խօսելու փոխարէն լուծումներու մասին խորհելու եւ սուրիական պետութեան միասնականութիւնն ու գերիշխանութիւնը ամրապնդելու` ըստ ՄԱԿ-ի որոշումներուն: «Պէտք է լսել սուրիացի ժողովուրդին տառապանքներուն մասին եւ յարգել ազգային ինքնորոշման անոր որոշումը», ընդգծեց Պու Սաապ:

Պու Սաապ անդրադարձաւ նաեւ Հալէպի առեւանգուած երկու առաջնորդներուն թղթածրարին եւ հրապարակաւ կատարուած երկխօսութեան ընթացքին, իր թուրք պաշտօնակիցէն օժանդակութիւն խնդրեց` առեւանգուած առաջնորդներուն ճակատագիրը բացայայտելու:

Պու Սաապ ընդգծեց օտար զինեալներու տունդարձին վտանգները` հաստատելով, որ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ զինուորական պատերազմը աւարտած է, եւ սկիզբ առած` ապահովական  պատերազմը:

Նախարար Պու Սաապ անդրադարձաւ նաեւ կրթութեան նախարարութեան մէջ իր փորձառութեան` հաստատելով, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնէին սուրիացի երեխաներուն դպրոցական կրթութիւն ապահովելու, մինչ ՏԱՀԵՇ ճիգ չէր խնայեր զանոնք իր շարքերուն մէջ զինուորագրելու:

Նշենք, որ խորհրդաժողովի ծիրէն դուրս Պու Սաապ հանդիպումներ ունեցաւ այլ երկիրներու, ինչպէս` Ֆրանսայի, Բրիտանիոյ, Իտալիոյ, Թուրքիոյ, Իրանի եւ Քաթարի իր պաշտօնակիցներուն հետ:

Պու Սաապ նշեց, որ հանդիպումներուն ընթացքին կատարուած քննարկումները հիմնականին մէջ վերաբերած են լիբանանեան բանակի տրամադրուելիք օժանդակութիւններուն:

Ան հաստատեց, որ բոլոր հանդիպումներուն ընթացքին ինք անդրադարձած է լիբանանեան բանակի նուաճումներուն, յատկապէս` ահաբեկչութեան դէմ անոր մղած պատերազմին իմաստով:

Պու Սաապ նկատել տուաւ, որ իր թուրք պաշտօնակիցին ըսած է, թէ Լիբանան վերապահ է Թուրքիա-Սուրիա սահմանամերձ շրջանին մէջ ապահովական գօտի մը ստեղծելու առումով` ընդգծելով, որ նախընտրելի է, որ սուրիական բոլոր շրջանները սուրիական բանակէն վերահսկողութեան տակ գտնուին:

Ան շեշտեց, որ սուրիական բանակէն բացի այլ ուժերու ներկայութիւնը ողջունելի պիտի չըլլայ եւ օտար պետութեան մը կողմէ բռնագրաւում պիտի նկատուի:

Պու Սաապ անդրադարձաւ նաեւ Լիբանանի եւ բռնագրաւուած Պաղեստինի միջեւ սահմանագծումի հարցին` աւելցնելով, որ Իսրայէլ կը պահանջէ սահմանագծում կատարել, մինչդեռ այդ հողերն ու ջուրերը Լիբանանին կը պատկանին:

Այս առումով, Պու Սաապ նշեց նաեւ, որ այդ սահմանագծումին մէջ կ՛իյնան նաեւ այլ երկիրներ, ինչպէս Կիպրոս եւ Յունաստան, յատկապէս նկատի ունենալով Իսրայէլէն Կիպրոս եւ Յունաստան, ապա Եւրոպա երկարելիք կազատարներուն մասին յայտարարութիւնները:

Պու Սաապ ընդգծեց, որ Լիբանան վերապահ է այդ կազատարներուն գոյութեան այն շրջաններուն մէջ, որոնց պատկանելիութիւնը տակաւին չէ պարզուած: «Այս իմաստով Կիպրոս եւ Յունաստան գործակցութիւն ցուցաբերեցին», ըսաւ ան:

Պու Սաապ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաուատ Զարիֆի հետ` նշելով, որ Լիբանանի կացութեան մասին Իրան հասկացողութիւն կը ցուցաբերէ եւ չի միտիր անոր վրայ ճնշում բանեցնել:

«Իրանի կողմէ Լիբանանի նկատմամբ այս կեցուածքը լիբանանցիներուն համար շատ դրական է», ըսաւ Պու Սաապ:

Նախորդը

«Ծոցի Երկիրները Պիտի Հետեւին Սէուտական Արաբիոյ Օրինակին» Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

Յաջորդը

Հայկական Ռազմարդիւնաբերական Ձեռնարկութիւններու Տաղաւար` Ապու Տապիի Մէջ

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.