Կիրակի, 17 փետրուար 2019-ի առաւօտեան, յետ սուրբ եւ անմահ պատարագին, վեհարանի դահլիճին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոս «Ասպետի կարգ»-ի շքանշանով պարգեւատրեց աշխարհահռչակ երաժիշտ Տիգրան Մանսուրեանը:
Ձեռնարկին բացման խօսքով հանդէս եկաւ խմբավար եւ շուիահար Զաքար Քէշիշեանը, որ ներկայացուց Տիգրան Մանսուրեան մարդն ու արուեստագէտը: Քէշիշեան ընդգծեց, որ Տիգրան Մանսուրեանի նորարար ու ժամանակակից երաժշտական լեզուն ըլլալով հանդերձ համամարդկային, խորապէս պահած է ազգայինը եւ այդ բոլորը կատարած է մեկնելով իր հայեցի պրիսմակէն:
Ապա, նախքան շքանշանին տուչութիւնը, Արամ Ա. կաթողիկոս ուղղեց իր պատգամը: Վեհափառ հայրապետը ընդգծեց, որ ազգային արժէքները երաշխիք են ժողովուրդի մը գոյատեւման, իսկ հայ ժողովուրդին ծառայութեան լծուած կառոյցներուն կողքին, մեզմէ իւրաքանչիւրը իր ճամբով ու տարբեր ձեւերով լծուած է այդ արժէքներուն տարածման: Իր խօսքը ուղղելով Մանսուրեանին` վեհափառ հայրապետը նշեց, որ Մանսուրեան իր ամբողջ կեանքը նուիրած է երաժշտութեան ու անոր դասական թէ ժողովրդային յօրինումները հնչած են Հայաստանի ու համաշխարհային բեմերէն: «Ձեր ստեղծագործութիւններով մեր ժողովուրդի զաւակներուն եւ օտարներուն փոխանցեցիք հայու հարազատ ոգին ու ամուր հաւատքը, հայու խոր տառապանքն ու հրաշափառ վերածնունդը», ըսաւ վեհափառ հայրապետը եւ շարունակեց, թէ քաջ գիտենք, որ Մանսուրեան իր կեանքի այս փուլին տակաւին կը ձգտի նոր յօրինումներով ճոխացնել իր երաժշտական ժառանգը: Աւարտին, վեհափառ հայրապետը իր աղօթքը բարձրացուց առ բարձրեալ Աստուած ու քաջառողջութիւն ու նորանոր յաջողութիւններ մաղթեց Մանսուրեանին:
Աւարտին, Տիգրան Մանսուրեան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց վեհափառ հայրապետին եւ ըսաւ, թէ այս շքանշանին տուչութիւնը զինք կը մղէ վերանորոգելու իր ստեղծագործելու թափը:







