Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խորհրդարանը Վաւերացուց Կառավարութեան Աշխատանքային Ծրագիրը, Այլ Խօսքով` Կառավարութեան Շնորհեց Իր Վստահութեան Քուէն

February 16, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանը` նախագահութեամբ Նեպիհ Պըրրիի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի, երէկ երեկոյեան ժամը 11:00-ին աւարտեց կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրի քննարկումը եւ վաւերացուց զայն:

Պըրրի յայտարարեց, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրի քննարկման խորհրդարանի նիստին ներկայ գտնուող 117 երեսփոխաններէն 111-ը թեր արտայայտուեցաւ, իսկ 6-ը դէմ` այդ ծրագիրին:

Հետեւաբար կառավարութիւնը ստացաւ խորհրդարանին վստահութեան քուէն:

Երեք օրուան ընթացքին խօսքեր առին 54 երեսփոխաններ, որոնք 24 ժամերու երկարութեամբ քննարկեցին կառավարութեան մշակած ծրագիրը:

Նշենք, որ խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի եղաւ նիստին ընթացքին վերջին խօսք առնող երեսփոխանը, որուն յաջորդեց կառավարութեան պաշտպանողականը:

Վարչապետ Հարիրիի խնդրանքով հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոս եւ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ լուսաբանական պատասխաններ եւ թուային պատկերներ ներկայացուցին` երեսփոխաններուն կողմէ արծարծուած զանազան հարցերուն:

Ֆընիանոս անդրադարձաւ ծովային կալուածներուն վերաբերող երեսփոխաններուն հարցադրումներուն` նշելով, որ նախարարութիւնը կը նախատեսէ, որ ծովային կալուածներէն կարելի ըլլայ 1400 միլիառ լ. ոսկի ապահովել պետական ամավարկին:

Խալիլ իր կարգին շեշտեց, որ ելեւմուտքի նախարարութեան թուային պատկերներն ու հաշիւները գաղտնի չեն` հաստատելով, որ նախարարութեան ծախսած գումարները պետական ամավարկի շրջագիծին մէջ եղած են` աւելցնելով միաժամանակ, որ պետական ամավարկէն եւ օրէնքով սահմանուած գումարներէն դուրս ոչ մէկ դահեկան ծախսուած է:

Խալիլ շեշտեց, որ 2019-ի պետական ամավարկը պատրաստելու ընթացքին կառավարութիւնը կարիքը պիտի ունենայ յանդուգն որոշումներ տալու:

Ան հաստատեց, որ պետական գանձարկղի նիւթական բացը հասած է 85 միլիառ տոլարի:

Ապա վարչապետ Հարիրի արտասանեց իր խօսքը, որուն մէջ շեշտեց, որ կարելի չէ երկրին բոլոր հարցերը սուրիացի տեղահանուածներու ուսերուն բեռցնել:

Ան ընդգծեց, որ երկրին քաղաքական բոլոր ուժերը համոզուած են, որ պէտք է դրական եղանակով իրարու հետ գործակցին` երկիրը փրկելու համար:

Հարիրի հաստատեց, որ «Սետր»-ի խորհրդաժողովը պաղեստինցի գաղթականներն ու սուրիացի տեղահանուածները Լիբանանի մէջ բնակեցնելու կաշառք չէ` աւելցնելով, որ 2019-ը պիտի ըլլայ ելեկտրականութեան տագնապի լուծման տարի, «իսկ եթէ այդ տագնապը կարելի չըլլայ լուծել, ապա բոլորս ձախողած կ՛ըլլանք», ըսաւ ան:

Վարչապետ Հարիրի իր խօսքը եզրափակեց ըսելով, որ երկիրը կարիքը ունի աշխատանքի, եւ կառավարութիւնը պիտի ըլլայ աշխատանքի, աշխատանքի եւ աշխատանքի կառավարութիւնը:

Վարչապետին խօսքէն ետք խորհրդարանին մէջ ներկայ 117 երեսփոխաններէն 111-ը իրենց վստահութիւնը շնորհեցին կառավարութեան, իսկ 6-ը` մերժեցին:

Պէտք է աւելցնել, որ խորհրդարանը երէկ սկսաւ իր նիստը գումարել կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին. նիստին ընթացքին երեսփոխանները շարունակեցին քննարկել կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը:

Ակներեւ էր Ազգային ազատ հոսանք, Փաղանգաւոր եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւններուն, ինչպէս նաեւ Հըզպալլայի միջեւ խորհրդարանի դահլիճէն դուրս կատարուած կողմնակի հանդիպումը, որուն ընթացքին համաձայնութիւն գոյացաւ խորհրդարանին մէջ ծագած բանավէճը, որ ժողովրդային մակարդակով ընդվզում յառաջացուցած էր, լուծել խորհրդարանին մէջ:

Հանդիպումին լոյսին տակ, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ խորհրդարանին մէջ ներում հայցեց իր նախագահած պլոքի անդամներէն, երեսփոխան Նաուաֆ Մուսաուիի կատարած յայտարարութեան համար, եւ խնդրեց Պըրրիէն խորհրդարանի ատենագրութենէն ջնջել Մուսաուիի կատարած արտայայտութիւնը, որ հետեւանք էր անձնական ընդվզումի:

Ռաատի այս կեցուածքը արժանացաւ խորհրդարանի ողջոյնին:

Նշենք, որ երէկուան շուրջ 8 ժամ տեւած նիստին, երբ Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Սամի Ֆաթֆաթ իր խօսքը կ՛արտասանէր, երեսփոխան Ժամիլ Սէյիտ ընդմիջեց անոր խօսքը եւ զինք «ճուտիկ» որակեց, ինչ որ ընդվզեցուց վարչապետ Հարիրին, որ ձայնը բարձրացնելով Սէյիտէն խնդրեց ինքզինք յարգել եւ լուռ մնալ:

Քանի մը վայրկեան տեւած բանավէճը հակակշիռի տակ առնուեցաւ Պըրրիի հմուտ մօտեցումով:

Նախորդը

Խորհրդարանին Մէջ. Հայկական Երեսփոխանական Պլոքի Անդամ Յակոբ Թերզեանի Արտասանած Խօսքը

Յաջորդը

Բակօ Սահակեան Սահմանագիծ Կ՛այցելէ

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.