Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Իրանի Վտանգը Դիմակայելը Պաղեստինեան Դատէն Կարեւոր Է» Կ՛ըսէ Պահրէյնի Արտաքին Գործոց Նախարարը

February 16, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պահրէյնի արտաքին գործոց նախարար Խալետ պըն Ահմետ Ալ Խալիֆա յայտնեց. «Իրանեան վտանգը դիմակայելը ներկայիս Պաղեստինեան դատէն աւելի կարեւոր է»:

Ան այդպիսի յայտարարութիւն մը կատարած է «Եութիուպ»-ի վրայ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հրապարակած` Վարշաւայի խորհրդաժողովի նիստերէն մէկուն տեսերիզին մէջ, որ կարճ ժամանակ ետք կայքէն ջնջուած է:

Տեսերիզին մէջ կը տեսնուին Պահրէյնի արտաքին գործոց նախարարը, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա պըն Զայետն ու Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ատել Ժուպէյրը: Տեսերիզը կը թուի նկարուած ըլլալ Նեթանիահուի մէկ ընկերակիցին կողմէ:

Պահրէյնի արտաքին գործոց նախարարը տեսերիզին մէջ կ՛ըսէ. «Հասակ առինք` ըսելով, որ պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապը կարեւորագոյն դատն է, եւ զայն պէտք է այս կամ այն ճամբով լուծել, սակայն վերջին շրջանին տեսանք աւելի մեծ մարտահրաւէր մը, որ մեր արդի պատմութեան մէջ ամէնէն վտանգաւորն է` Իրանի Հանրապետութեան ներկայացուցած վտանգը»:

«Ճիշդ է, որ պէտք է լուծուի այդ տարակարծութիւնը, որ Իսրայէլի եւ անոր դրացիներուն միջեւ է, եւ արդէն Եգիպտոսի ու Յորդանանի հետ լուծուած է, սակայն 1979-էն ետք տեսանք այլ մարտահրաւէր մը, որ Թեհրանէն եկաւ եւ սահման չի ճանչնար: Խօսքը իրանցի ժողովուրդին չի վերաբերիր, այլ` Իրանի մէջ ֆաշական կրօնական վարչակարգին, զոր կը դիմակայենք ամէն օր, եւ որ պատճառ դարձած է մեր ժողովուրդներու շարք մը զաւակներու սպանութեան եւ վիրաւորման», կը նշէ ան:

«Իրանեան այդ սպառնալիքը պէտք է դիմակայել, որպէսզի կարենանք այլ մարտահրաւէրներով զբաղիլ: Սակայն Թեհրան ինքն է, որ մեզ կ՛արգիլէ պաղեստինեան դատը լուծել` Սուրիոյ, Եմէնի, Իրաքի եւ մինչեւ իսկ Պահրէյնի մէջ սպառնալիք ներկայացնելով», կ՛ըսէ Պահրէյնի արտաքին գործոց նախարարը:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցները հինգշաբթի օր հրապարակած էին այլ տեսերիզի մը հատուածը, որուն մէջ Պահրէյնի արտաքին գործոց նախարարը Վարշաւայի մէջ կ՛ըսէ, թէ իր երկրին եւ Իսրայէլի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններուն հաստատումը «տեղի պիտի ունենայ, երբ ժամանակը գայ»:

 

Նախորդը

Ըստ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Արտաքին Գործոց Նախարարին. «Իսրայէլ Իրանի Վտանգէն Ինքզինք Պաշտպանելու Իրաւունք Ունի»

Յաջորդը

Վարշաւայի Խորհրդաժողով. «Միջին Արեւելքի Մէջ Կարելի Չէ Կայունութիւն Հաստատել` Առանց Իրանը Դիմակայելու» Կ՛ըսէ Փոմփէօ

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.