
Ֆրանսայի նախկին վարչապետ Տոմինիք տը Վիլփեն ֆրանսական «Թէ.Էֆ.1» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Ֆրանսայի յառաջիկայ նախագահական ընտրութեան պիտի մասնակցի: Ան նշած է, որ ինք վստահ է, որ 2012-ը պիտի ըլլայ ճշմարտութեան, կամքի եւ վճռականութեան տարի:
«Ես կ՛ուզեմ միաւորել բոլոր ֆրանսացիները` աջակողմեանները, ձախակողմեանները եւ կեդրոնամէտ ուժերը», ըսած է Ֆրանսայի գործող նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի նախկին կուսակից ընկերը, որուն հետ Սարքոզի «լարուած յարաբերութիւններ» ունի:
Տը Վիլփեն կը մեղադրուի 2007-ի նախընտրական քարոզարշաւին ընթացքին Սարքոզին զրպարտելու յանցանքով: 2004-ի Ֆրանսայի իրաւապահներուն ձեռքը ինկած է փտածութեան համար մեղադրուողներու եւ ապօրինաբար հարստացողներու ցուցակ մը, որուն մէջ նշուած եղած է նաեւ Սարքոզիի անունը, որ այդ ժամանակ ներքին գործոց նախարարն էր:
Երբ իրաւապահները բացայայտած էին, որ տեղեկութիւնը կեղծ է, սկսած էին փնտռել անանուն մեղադրողները: Կասկածելիներու ցուցակին մէջ յայտնուած էին այնպիսի հեղինակաւոր եւ ազդեցիկ քաղաքական գործիչներ, ինչպիսիք են, օրինակ, նախկին նախագահ Ժաք Շիրաքն ու նախկին վարչապետ տը Վիլփենը:


