Երէկ` չորեքշաբթի, 13 փետրուարին, ՀՅԴ «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս, որուն մասնակցեցան ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեանը եւ ՀՅԴ մասնագիտական յանձնախումբերու համակարգող Արծուիկ Մինասեանը: Ասուլիսին նպատակն էր ներկայացնել ՀՅԴ-ի տեսակէտները կառավարութեան ծրագիրին եւ կառուցուածքին վերաբերեալ:
«Անցեալ տարի Դաշնակցութիւնը հրապարակեց իր ընկերային-տնտեսական քաղաքականութեան դրոյթները, որոնք պէտք է հիմք հանդիսանան որեւէ կառավարութեան եւ պետական ու հանրային ծրագիրի Դաշնակցութեան կողմէ տրուող գնահատականներու համար», նշեց Արծուիկ Մինասեան` յիշեցնելով, որ Դաշնակցութիւնը կառավարութեան ծրագիրին վերաբերեալ արդէն հրապարակած է իր մասնագիտական ու քաղաքական գնահատականը, եւ յառաջիկային այդ փաստաթուղթը պիտի հրապարակուի ամբողջ ծաւալով:
«Այստեղ երկու հիմնական բաժիններ կան` ընդհանուր գնահատականներ եւ մասնագիտական կամ ոլորտային գնահատումներ: Մեր ոլորտային յանձնախումբերու ներկայացուցիչները պատրաստ են ե՛ւ հարցուպատասխանի, ե՛ւ բանավէճերու, այդ կարգին` իշխանութեան համապատասխան ներկայացուցիչներու հետ` խորքային առումով քննարկելու համար մեր տեսակէտները, քննադատութիւնները, առաջարկները` ապահովելով անհրաժեշտ հրապարակայնութիւն: Այս յանձնախումբերուն նպատակն է հանրային կեանքի բոլոր ոլորտներուն վերաբերեալ ունենալ համակարգուած եւ համընդհանուր տեսակէտներու ամբողջութիւն: Եւ թէեւ յանձնախումբերուն մէջ մեր կուսակցական ընկերներն են, բայց այս աշխատանքը պիտի դարձնենք հրապարակային, որպէսզի ոչ կուսակցականներու եւ այլ կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու մօտեցումները քննարկման առարկայ դառնան, ինչ որ ապագային պիտի դառնայ հիմք այլընտրանքային կառավարութեան մեր պատկերացումներուն կամ ստուերային կառավարութեան մօտեցումներուն համար», նշեց Մինասեան:
Ըստ անոր, Դաշնակցութիւնը կարեւոր խնդիր նկատած է կառավարութեան կազմաւորման սահմանադրականութեան հարցը:
Արծուիկ Մինասեան մատնանշեց այլ կարեւոր հարց` Սահմանադրութեան չափանիշին համաձայն, իւրաքանչիւր կառավարութիւն պարտաւոր է ամէն տարի ներկայացնելու իր ծրագիրի կատարման վերաբերեալ հաշուետուութիւն:
Ըստ Մինասեանի, հաշուի առնելով նաեւ քատրային ձախողութիւնները, բաւական ընելիքներ կան թէ՛ կառավարութեան, թէ՛ խորհրդարանական եւ թէ՛ արտախորհրդարանական ուժերու եւ քաղաքական հասարակութեան մասնակցութեան համար` ունենալու համար հաշուետու կառավարութիւն, այն ալ` խորհրդարանական կառավարման համակարգի պայմաններուն մէջ:
Վերադառնալով կառավարութեան ծրագիրին` Մինասեան նշեց, որ անիկա զերծ է նաեւ գաղափարական հենքէ: «Վերջին բաժինին մէջ գրուած է, որ անիկա հիմնուած է «Իմ քայլը» դաշինքի նախընտրական ծրագիրին վրայ, որ չեմ կարծեր, թէ հանրութիւնը, ներառեալ` դաշինքի ներկայացուցիչներէն շատերը, կրնան գաղափարախօսական ծրագիր նկատել, քանի որ չկայ ընդգծուած մօտեցում, պատկերացում` Սահմանադրութեան համապատասխան յօդուածի, շուկայական տնտեսական կարգի ինչ մեքանիզմ նախատեսուած է դաշինքի կամ կառավարութեան ծրագիրին մէջ: Եւ վատը այն է, որ եզրափակիչ բաժինին մէջ անտեսուած են արտախորհրդարանական ուժերը», ընդգծեց Մինասեան:
«Կառավարութեան ծրագիրին մէջ ներկայացուած ցուցանիշները իրար հետ համաձայնեցուած չեն», նշեց Արծուիկ Մինասեան:
«Այս փաստաթուղթին մէջ ամրագրուած է Հայաստանի բնակչութեան կրկնապատկման դրոյթը` 20 տարուան ընթացքին, ինչ որ կը նշանակէ 5 միլիոնէ աւելի բնակչութիւն: Այս դրոյթին ներքեւ առնուազն տարակուսելի է` ինչպէ՞ս կարելի է կառավարութեան ծրագիրին մէջ թիրախ նկատել 5 առ հարիւր տնտեսական աճը, ինչպէ՞ս կարելի է աղքատութեան, ծայրայեղ աղքատութեան յաղթահարումը նկատել ցուցանիշ, թիրախ` առանց մտածելու, որ 5 առ հարիւր տնտեսական աճը պարզապէս ի վիճակի չէ լուծելու այս խնդիրը: Առհասարակ, տնտեսական կառուցուածքային վերափոխման ճամբու քարտէս գոյութիւն չունի», շեշտեց ան:
Անդրադառնալով արտաքին քաղաքականութեան` Արծուիկ Մինասեան նշեց, թէ յստակօրէն պէտք է արձանագրուէր, որ էական նշանակութիւն ունի այն, որ խաղաղութեան նպաստող մթնոլորտի առկայութիւնը չափազանց կարեւոր է, եթէ գործադրուին 2016-ի Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի հանդիպումներուն համաձայնեցուած` վստահութեան եւ անվտանգութեան միջոցներու ամրապնդման ուղղուած գործողութիւնները, ինչ որ եւս չկայ կառավարութեան ծրագիրին մէջ:
«Ո՛չ միայն մէկ-երկու տեղ, այլեւ ամբողջ ծրագիրին մէջ չկայ «Արցախի Հանրապետութիւն» անուանում, չէք գտներ, կայ «Արցախ» արտայայտութիւնը, ինչ որ, Արցախի Սահմանադրութեան համաձայն, իրաւական հասկացողութիւն չէ, աւելին` ինքնիշխան պետութեան բնութագրող հասկացողութիւն չէ, ուստի անպայման պէտք է ամրագրուի «Հանրապետութիւն» արտայայտութիւնը` իբրեւ ուղերձ, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կ՛երաշխաւորէ, կը ճանչնայ եւ ռազմաքաղաքական երաշխիքը կ՛ապահովէ: Ասոնք արտաքին քաղաքականութեան մէջ կարեւոր հարցեր են` իբրեւ ուղերձ աշխարհին», պնդեց Մինասեան:
Ինչ կը վերաբերի Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումին, դաշնակցական գործիչը նշեց. «Մենք կը կարծենք, որ չափազանց կարեւոր է աւելցնել նաեւ հետեւանքներու վերացման հատուածը` իբրեւ կարեւորագոյն գործողութիւն անկախ պետականութեան համար»:
Անդրադառնալով հայ-թրքական յարաբերութիւններուն` ան շեշտեց, որ «առանց նախապայմաններու կարգաւորում» ձեւակերպումը պէտք է կառավարութեան ծրագիրին մէջ ըլլար, բայց չկայ:
ՀՅԴ-ի Նորաստեղծ Յանձնախումբերը` Իւրայատուկ Այլընտրանքային Կառավարութիւն
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեան երէկ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց, որ նկատի ունենալով կառավարութեան կառուցուածքն ու Ազգային ժողովի յանձնախումբերու գործունէութեան ուղղութիւնները` ՀՅԴ-ն կեանքի կոչած է այլընտրանքային նախագիծերու եւ մօտեցումներու մշակումներով զբաղող յանձնախումբեր: Ասոնք, ըստ էութեան, պէտք է հանդիսանան իւրայատուկ այլընտրանքային կառավարութիւն:
Ներկայիս ձեւաւորուած են 11 յանձնախումբ.
- Տնտեսութիւն, ներդրումներ, հարկային քաղաքականութիւն եւ հանրային ելեւմուտք
- Կրթութիւն, գիտութիւն
- Արտաքին քաղաքականութիւն, սփիւռք եւ հայրենադարձութիւն
- Ընկերային հարցեր
- Գիւղատնտեսական, բնական պաշարներ
- Ազգային անվտանգութիւն, պաշտպանութիւն, Արցախ
- Արդարադատութիւն, մարդու իրաւունքներ եւ սահմանադրութիւն
- Մշակոյթ, երիտասարդութիւն եւ մարմնակրթութիւն
- Տարածքային կառավարում, ենթակառուցուածքներ եւ տեղական ինքնակառավարում
- Առողջապահութիւն
- Շրջակայ միջավայր
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչի համաձայն, յանձնախումբերու ստեղծման նպատակը կառավարութեան ծրագիրի ուսումնասիրութիւնն է, անկէ բխող առաջարկները կատարելն ու, առհասարակ, կառավարութեան գործողութիւնները ուշադրութեան կեդրոն պահելը:
«Մեր առաջարկները եւ ուսումնասիրութիւնները մինչեւ շաբթուան վերջ պիտի հրապարակուին: Մենք կը գտնենք, որ կառավարութեան գործողութիւններու ծրագիրը կազմելու համար անիկա շարք մը չափորոշիչներու եւ պահանջներու պէտք է համապատասխանէ: Պէտք է ըլլայ օրէնք` այդ չափորոշիչները սահմանելու համար», ընդգծեց ան:



