Խորհրդարանը երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին շարունակեց քննարկել կառավարութեան մշակած աշխատանքային ծրագիրը` նախագահութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի:
Առաւօտեան նիստին ընթացքին խօսք առաւ Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Նաամաթ Աֆրամ, որ իր վստահութեան քուէն շնորհեց կառավարութեան այն նախապայմանով, որ Լիբանանի մէջ ելեկտրականութեան հոսանքը շուրջօրեայ դրութեամբ ապահովելու ծրագիրը վաւերացուի:
Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Անուար Խալիլ շեշտեց, որ բարգաւաճման հիմնասիւներէն մէկը քննչական խորհուրդները քաղաքականութենէն անջատելն է:
Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ շեշտեց, որ կուսակցութիւնը կը մերժէ իր վստահութեան քուէն շնորհել այս կառավարութեան, որուն ճարտարապետը Հըզպալլան է:
Ան նշեց, որ նորակազմ կառավարութիւնը նախկին կառավարութեան շարունակութիւնն է, իսկ նախարարութիւններուն 80 առ հարիւրը ստանձնող քաղաքական ուժերը կը մնան նոյնը:
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հիւսէյն Հաժ Հասան շեշտեց, որ Լիբանան Սուրիոյ վերակառուցումէն պիտի չօգտուի, բացի եթէ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները իրենց բնականոն վիճակին վերադառնան:
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան հաստատեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրիի պիտի զօրակցին, որպէսզի երկիրը դէպի քանդում չառաջնորդուի: Ան հաստատեց, որ իրենք գործակցութեան ձեռք կ՛երկարեն բոլոր նախարարներուն:
Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Զիատ Ասուատ իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ այն դատաւորներուն, որոնք իրենց վճիռները կը վաճառեն` շեշտելով, որ լիբանանցիներուն պատկանող գումարները յօդս ցնդած են, իսկ «աւազակներ»-ը տակաւին չեն բացայայտուած:
Անկախ երեսփոխան Էտի Տեմիրճեան իր վստահութեան քուէն շնորհեց կառավարութեան` ընդգծելով, որ կառավարութիւնը պէտք է գործէ հաւասարութեան սկզբունքին համաձայն:
Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Էլիաս Հանքաշ մերժեց իր վստահութեան քուէն շնորհել կառավարութեան` հաստատելով, որ կառավարութեան նոր կազմը մեծ համեմատութեամբ նախորդ կազմին նման է:
Կէսօրէ ետք ժամը 3:20-ին, խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի, որ լիագումար նիստին նախագահեց, երբ Պըրրի մեկնեցաւ հանդիպում մը ունենալու Սէուտական Արաբիոյ թագաւորական պալատի պատուիրակ Նիզար Օլուլայի հետ, յայտարարեց առաւօտեան նիստին աւարտը` նշելով, որ խորհրդարանի լիագումարը պիտի շարունակուի երեկոյեան ժամը 6:00-ին:
Գիշերային նիստը սկսաւ Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիայի խօսքով:
Ապի Ռամիա կառավարութեան շնորհեց իր վստահութեան քուէն` կոչ ուղղելով կերտելու օրէնքի, հաստատութենական եւ երազներու Լիբանանը:
Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր հաստատեց, որ իրենք վստահութեան քուէ կը շնորհեն կառավարութեան` 100 օրուան նախապայմանով, «այլապէս մենք պիտի վերածուուինք առաջին ընդդիմադիրներուն», աւելցուց ան:
Հզօր հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Սեզար Մաալուֆ իր խօսքին մէջ նշեց, որ կառավարութեան վստահութեան քուէ պիտի շնորհէ, սակայն այդ վստահութիւնը կախեալ պիտի ըլլայ կառավարութեան գործունէութեան մասին քաղաքացիներուն գոհունակութենէն:
Հզօր հանրապետութիւն երեսփոխանական պլոքի երեսփոխան Զիատ Հաուաթ ընդգծեց, որ եթէ Լիբանանի շահերը կը փափաքինք իրականացնել, ապա փտածութեան դէմ պայքարէն պէտք չէ պարտուած դուրս գալ:
Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան իր խօսքին մէջ ողջունեց կառավարութեան կազմութեան ջանքերը եւ անդրադարձաւ շարք մը հարցերու, որոնք կարիք ունին լուծումի: (Խօսքին աւելի ամբողջական կ՛անդրադառնանք յաջորդիւ):
Հայկական երեսփոխանական պլոքին եւ ՀՅ Դաշնակցութեան անունով Յ. Թերզեան կառավարութեան շնորհեց վստահութեան քուէն:
Երեսփոխան Ատնան Թրապուլսի կառավարութեան վստահութեան քուէ շնորհեց, պայմանով որ ան պատասխանատու ըլլայ իրեն նկատմամբ ցուցաբերուած յոյսերուն ու ձգտումներուն:
Հզօր հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Փիեռ Ապու Ասի իր խօսքին մէջ հաստատեց, որ իրենք կը յարգեն այլոց կեցուածքները, եւ փոխադարձաբար կ՛ակնկալեն, որ անոնք ալ յարգեն իրենց խորհրդանիշները:
Հզօր հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Անիս Նասսար վստահութեան քուէ շնորհեց կառավարութեան` մաղթելով, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը չվերածուի յանկերգի մը, որմէ արդէն իսկ զզուած են լիբանանցիները:
Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխան Հատի Հպէյշ կոչ ուղղեց անձեռնմխելիութեանց վերջ տալու, որովհետեւ անոնք վերածուած են խախտումներ գործելու պատճառաբանութեանց:
Գիշերային նիստը աւարտեցաւ երեկոյեան ժամը 9:30-ին:
Պըրրի շեշտեց, որ խորհրդարանը կառավարութեան վստահութեան քուէ շնորհելու իր նիստը պիտի շարունակէ ուրբաթ, 15 փետրուար 2019-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին: Ան նշեց, որ կը նախատեսուի կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին քննարկումը շարունակել նաեւ շաբաթ, 16 փետրուար 2019-ին, նկատի ունենալով, որ տակաւին 22 երեսփոխաններ կը փափաքին ելոյթ ունենալ:
Հըզպալլայի Եւ Փաղանգաւոր Կուսակցութեան Միջեւ Բանավէճ
Նշենք, որ երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ իր խօսքին մէջ հարց տուաւ, թէ արդեօք այս կառավարութիւնը Հըզպալլայի կառավարութի՞ւն է: Հարցումին միջամտեց Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Նաուաֆ Մուսաուի` Պըրրիէն պահանջելով պատասխանելու առիթ տալ:
Մուսաուիի միջամտութիւնը իր կարգին ընդմիջուեցաւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլի կողմէ եւ արձանագրուեցաւ բանավէճ:
Պըրրիի կողմէ կացութիւնը հակակշռելէ ետք, Սամի Ժեմայէլ անդրադարձաւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի կատարած այն յայտարարութեան, թէ Հըզպալլա դերակատարութիւն ունէր զօր. Միշել Աունը հանրապետութեան նախագահ ընտրելուն մէջ: Մուսաուի դարձեալ պատասխանեց ըսելով. «Լիբանանցիներուն համար պատիւ է, որ զօր. Աուն Դիմադրութեան զէնքով հասնի նախագահական պալատ եւ ոչ ուրիշներու նման` իսրայէլեան հրասայլով»: Այս յայտարարութիւնը բռնկեցուց ժողովը եւ բանավէճի դուռ բացաւ, սակայն դարձեալ կարելի եղաւ մթնոլորտը խաղաղեցնել:
Հանրապետութեան նախկին նախագահ Պաշիր Ժեմայէլի հասցէին կատարուած այս ակնարկութեան պատճառով երեկոյեան Սեսին հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ բողոքի հաւաք մը` գլխաւորութեամբ Նետիմ Ժեմայէլի: Ան հաստատեց, որ իր հայրը` Պաշիր Ժեմայէլ ազգային խորհրդանիշ է, իսկ Հըզպալլա ոտնձգութիւն կը գործէ այդ խորհրդանիշին դէմ: «Պաշիր Ժեմայէլ խորհրդանիշին կարելի չէ մօտենալ, անիկա կարմիր գիծ է», ըսաւ ան:
Նետիմ Ժեմայէլ ընդգծեց, որ իրենք պատրաստ են զէնք բարձրացնելու Հըզպալլայի դէմ:
Բողոքի նստացոյցին ընթացքին Հզօր հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Իմատ Ուաքիմ սպառնաց Պաշիր Ժեմայէլ խորհրդանիշին դէմ արտայայտուողին ոտքերը կտրել:
Ուաքիմի կատարած այս սպառնալիքին Նաուաֆ Մուսաուի խորհրդարանէն պատասխանեց հետեւեալ կերպով. «Ով որ ցեխարձակումներ կը կատարէ մեզի դէմ եւ մեր ոտքը կտրելու սպառնալիքներ կ՛ուղղէ, անոր վիզը կը կտրենք»:
Պըրրի մերժեց Մուսաուիի այդ յայտարարութիւնը` խնդրելով խորհրդարանի ատենագրութենէն ջնջել զայն:



