Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփ. «Գոհ Չեմ Եւ Պիտի Սերտեմ». Միացեալ Նահանգներու Մէջ Սկզբունքային Համաձայնութիւն` Կառավարութեան Աշխատանքի Նոր Դադրեցումէ Խուսափելու Շուրջ

February 14, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, որ ուրախ չէ Քոնկրեսի մէջ սահմանային անվտանգութեան հարցին շուրջ գոյացած սկզբունքային համաձայնութենէն: Ան Սպիտակ տան մէջ տուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին` խօսելով գոյացած սկզբունքային համաձայնութեան մասին, ըսաւ. «Պէտք է զայն սերտեմ: Անկէ գոհ չեմ»:

Թրամփ նաեւ այդ գծով «Թուիթըր»-ի վրայ ըրաւ հետեւեալ գրառումը. «Կը սերտեմ բոլոր կողմերը` իմանալով, որ այդ միջոցները պիտի միացուին այլ աղբիւրներէ մեծ գումարներու: Մենք գրեթէ 23 միլիառ տոլար պիտի ստանանք (Միացեալ Նահանգներ-Մեքսիքա) սահմանի անվտանգութեան համար: Անկախ պատի համար յատկացուած դրամէն, ատիկա արդէն այժմ կը կառուցուի»:

Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի հանրապետականներն ու դեմոկրատականները սկզբունքային համաձայնութիւն գոյացուցած են սահմանի անվտանգութեան ապահովման հարցերուն շուրջ` այդ ձեւով խուսափելով 15 փետրուարին դաշնակցային կառավարութեան աշխատանքի նոր դադրեցումէն:

«Տը Հիլ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ այս մասին լրագրողներուն յայտնած է Ալապամա նահանգէն հանրապետական ծերակուտական, Ծերակոյտի յատկացումներու յանձնախումբի նախագահ Ռիչըրտ Շելպի: «Մեր երեկոն յաջող էր: Մենք սկզբունքային համաձայնութեան հասանք», ըսած է ան:

25 յունուարին Սպիտակ տունն ու Քոնկրեսը համաձայնութիւն գոյացուցած էին Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային կառավարութեան գործունէութեան ֆինանսաւորման կարճաժամկէտ վերականգնման շուրջ` այդ ձեւով վերջ տալով կառավարութեան աշխատանքի դադրեցումին, որ տեւած էր 35 օր: Սակայն համաձայնութիւնը կը ներառէր միայն մինչեւ 15 փետրուար երկարող ժամանակահատուածը:

Ներկայացուցիչներու տան անդամներու օգնականներ ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնած են, թէ ըստ գոյացած համաձայնութեան, Մեքսիքայի հետ սահմանին վրայ պատի կառուցման համար պիտի տրամադրուի 1,375 միլիառ տոլար, ինչ որ նկատառելի կերպով նուազ է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի պահանջած 5,7 միլիառ տոլարի գումարէն:

Յիշեցնենք, որ Մեքսիքայի հետ սահմանին վրայ պատ կառուցելը Թրամփի ընտրական խոստումներէն մէկն է:

 

Նախորդը

Մակեդոնիան Պաշտօնապէս Վերանուանուեցաւ Հիւսիսային Մակեդոնիա

Յաջորդը

Այսօր Վարշաւայի Մէջ Կը Սկսին Միջին Արեւելքին Նուիրուած Խորհրդաժողովի Աշխատանքային Նիստերը

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.