Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արագ Եւ Կտրուկ

February 8, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«ԱՍՊԱՐԷԶ»

Հայաստանի Հանրապետութեան օրհներգ «Մեր հայրենիք»-ը փոխելու ձախաւեր միտումը տապալելու եւ այդ հարցը առնուազն այս փուլին (եւ յուսանք` առյաւէտ) Ազգային ժողովի օրակարգէն դուրս նետելու կամ նոյնիսկ օրակարգի հարց չդարձնելու իրողութիւնը, մեր գնահատումով, արդիւնքն էր այն արագ եւ կտրուկ հակադարձութեան, որ ցուցադրուեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան գործիչներու եւ մամուլին կողմէ:

Դաշնակցութեան համար արտախորհրդարանական ուժ ըլլալու իր վաւերական յայտը ներկայացնելու առիթ մը եղաւ կարծես այս անհեթեթ հարցին արծարծումը:

Կազմակերպականօրէն այս հարցին վերաբերեալ Դաշնակցութեան մարմինները, յատկապէս կուսակցութեան համաշխարհային կառոյցներու գործունէութիւնը համակարգող ՀՅԴ Բիւրոն նոյնիսկ կարիք չունեցաւ շարքերուն ու մարմիններուն յուշելու, որ պէտք է հակազդեն օրհներգի փոփոխութեան: Հակազդեցութիւնը ուժգին էր, ինքնաբուխ ու վճռական:

Այսօրինակ արագ եւ կտրուկ հակադարձութիւնը նաեւ կը թելադրէ, որ ազգային արժէքներու պահպանման, Արցախի անվտանգութեան ու անոր ինքնորոշման իրաւունքին, նաեւ մեր ժողովուրդին ու պետութեան համար կարեւորագոյն նշանակութիւն ունեցող որեւէ հարցի վերաբերեալ Դաշնակցութիւնը պիտի կարենայ առանցքային դեր ունենալ:

Ընդհանուր իր ժողովով անցեալ քառամեակի եւ ընդհանրապէս Հայաստանեան գործունէութեան փորձէն ու գնահատումէն մեկնելով` Դաշնակցութիւնը Ազգային ժողովէն դուրս իր ծանրակշիռ ներդրումը պիտի ունենայ Հայաստանի քաղաքացիին կենսամակարդակը բարձրացնելու, արդար համակարգի մէջ իր քրտինքն ու ստեղծագործական ճիգերը արդիւնաւորելու ծրագիրներուն մէջ: Ներդրումը` գործով եւ պետական կառոյցներու գործունէութեան արթուն ու ամէնօրեայ հսկումով, անարդարութեանց, թերացումներու, բացթողումներու հանդէպ սուր քննադատութեամբ, պահանջատիրութեամբ:

Դաշնակցութեան դերակատարութեան արդիւնաւէտութեան պիտի նպաստէ այն զգայնութիւնը, զոր Հայաստանի նոր իշխանութիւնները կը ցուցաբերեն սփիւռքի հանդէպ: Թէեւ սփիւռքի հետ յարաբերելու պետական յստակ ծրագիր մը տակաւին չ՛երեւիր երկնակամարին վրայ, զգալի է, որ նոր իշխանութեան բարձրագոյն մակարդակի վրայ սփիւռքը հաշուի առնելու եւ, հետեւաբար, համահայկական կառոյց ունեցող Դաշնակցութեան հետ գործակցելու լուրջ տրամադրութիւն կայ:

Յուսալի է, որ այդ գործակցութիւնը ըլլայ միշտ դրական ուղղութիւններով:

 

Նախորդը

Պատիւը Բոլորիս Է

Յաջորդը

Արդար Խաղաղութեան Համար

RelatedPosts

Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Եւրոպան Քաղաքական Վերիվայրումներու Եւ Ժողովրդավարական Օրինականութեան Ճգնաժամին Միջեւ

October 31, 2026
Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ.  Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները
Անդրադարձ

Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ. Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները

October 31, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութեան Փորձաքարը

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.