Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սօսի Պալեան Ներկայացուց «Առողջապահական Կարգ Մը Հարցերու Բարոյական Գնահատականը» Նիւթը

February 8, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին կազմակերպած դասախօսական շարքին հինգերորդը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 30 յունուար 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին: Օրուան նիւթն էր` «Առողջապահական կարգ մը հարցերու բարոյական գնահատականը»:

ՀՕՄ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը կատարեց տոքթ. Սիրուն Վարդապետեանը: Ան նշեց, որ մեր կեանքին մէջ թապու նիւթեր կան, որոնց մասին կարելի չէ բարձրաձայնել եւ կարելի չէ համարձակիլ ու սրտցաւ քննադատութիւն ընել: Նիւթեր, որոնք յատուկ յանդգնութիւն եւ զգուշութիւն կ՛ենթադրեն` արծարծելու, վերլուծումներ կատարելու եւ կարծիք արտայայտելու… Հարցեր, որոնք մարդ արարածի ամէնօրեայ կեանքին հետ առնչուած են, իսկ պատասխանները յաճախ երկխօսութեան կը կարօտին:

Տոքթ. Սիրուն Վարդապետեանը նաեւ յայտնեց, որ բարոյագիտութեան եւ բժշկական առօրեային հետ կապուած հարցերը միշտ ալ իրարու հետ սերտ առնչութիւն ունեցած են եւ հիմնուած` բժիշկ-հիւանդ փոխյարաբերութեան վրայ: Ան նշեց, որ նրբութիւններով հարուստ նիւթ մըն է այս դասախօսութիւնը եւ հրաւիրեց հիւանդապահուհի Սօսի Պալեանը` ներկայացնելու իր նիւթը:

Սօսի Պալեան դասախօսութեան սկիզբը ըսաւ, որ բարոյական հարցեր ունեցող նիւթերը վիճելի են: Վարմունքներ կան, որոնք ընդունելի չեն, եւ ասոնք թապու կը կոչուին: Ապա բացատրեց բանադրանքին եւ վիճելի նիւթերուն տարբերութիւնը եւ յայտնեց, որ բանադրանքները կ՛ըլլան տիեզերական-համաշխարհային, ինչպէս` սպանութիւնը, որ մեղադրելի է, կողոպուտը, մարդակերութիւնը, ազգապղծութիւնը (insest): Ինչ կը վերաբերի  վիժումին, սուտ վկայութիւնը ոմանք կ՛ընդունին իբրեւ թապու, իսկ ուրիշներ կ՛ընդունին իբրեւ վիճելի նիւթեր:

Ան նշեց, որ վերջին յիսնամեակին շատ մեծ փոփոխութիւններ եղած են ընտանիքի կազմութեան եւ պէտքերուն մէջ: Որեւէ կրօնի մէջ ամուսնութեան արարողութիւններ կան, որոնք պէտք է կատարուին, իսկ ներկայիս մարդիկ ազատ կը կենակցին` առանց ամուսնութեան: Ուրիշներ քաղաքացիական ամուսնութիւն կը կատարեն: Վերջին քսանամեակին նաեւ մեծ զարգացում ապրած է միասեռականութեան երեւոյթը, եւ անոնք սկսած են պահանջել իրենց իրաւունքները:

Այլ երեւոյթ մը նաեւ վերջերս կը նկատուի մեր ընկերութեան մէջ. արհեստական միջոցներով յղութիւն յառաջ բերել: Կիները վերջերս կ՛ուշանան յղանալու, ինչ որ պատճառ կ՛ըլլայ երբեմն անբնական ծնունդներու: Մանուկներու որդեգրումը տարածուած երեւոյթ էր, սակայն ներկայիս նուազած է: Ամուսնալուծումը եւ մարդկային գործարաններու փոխպատուաստումը ներկայիս տարածուած երեւոյթներ են: Դասախօսը նաեւ անդրադարձաւ անոր, որ ընտանիքներ իրենց  տարեց անդամները չեն խնամեր եւ Հայ ծերերու տուն կը փոխադրեն: Այս նիւթը ոմանց համար վիճելի է, իսկ ուրիշներուն համար` ընդունելի:

Սօսի Պալեանը ըսաւ, որ ներկայիս արհեստագիտութիւնը իր բարիքներն ալ ունի, ինչպէս` նորածինի մը պորտալարը ապահով վիճակի մէջ պահել եւ այլ անհատի մը սրտի գործողութեան ընթացքին փակ երակ մը փոխարինել:

Վիժումի պարագային, Լիբանանի մէջ արտօնուած է միայն այն պարագային, երբ մօր առողջութիւնը վտանգուած է: Արհեստական կերպով վիժեցնելը վիճելի նիւթ է: Սակայն բռնաբարումի պատճառով անչափահասի մը յղացումը ընդունելի չէ:

Դասախօսը նշեց նաեւ, որ սեռային դաստիարակութիւնը շատ կարեւոր է, նախ տան մէջ պէտք է տրուի, ապա ամբողջանայ  դպրոցին մէջ, որպէսզի պատանիները երբ երիտասարդ դառնան եւ ամուսնանան կարենան առողջ ընտանիք կազմել:

Դասախօսութեան աւարտին ներկաները հարցումներ ուղղեցին դասախօսին, նաեւ առողջապահական յանձնախումբին անունով յուշանուէր տրուեցաւ օրուան դասախօս Սօսի Պալեանին:

Ապա սննդագէտ Սարին Շէկեան խօսեցաւ յունուար ամսուան զուգադիպող նշիկագեղձի (ղըտէի) միջազգային օրուան մասին եւ նշեց անոր պատճառներն ու ախտաճանաչումները:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (8 Փետրուար 1969)

Յաջորդը

Գիւղ, Որտեղ Համատեղ Ապրել Են Հայերն Ու Ասորիները

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.