– Պարսելոնա – Ռէալ Մատրիտ` 1-1
– Դարձի Մրցումը` 27 Փետրուարին
Երէկ գիշեր տեղի ունեցաւ Սպանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտականի երթի մրցումը, որուն ընթացքին Պարսելոնա «Քամփնու»-ի մէջ հիւրընկալեց Ռէալ Մատրիտը:
Թեթեւ վնասուածք ստացած Լիոնել Մեսսի իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ չէր ներկայացած, այլ նստած էր պահեստի նստարաններուն վրայ: Ան դաշտ ներկայացաւ 63-րդ վայրկեանին:
Հիւր կազմը մրցումին 6-րդ վայրկեանին արդէն իսկ բացաւ հաշիւը, երբ Լուքաս Վասքես, նշանակեց կոլ մը` փոխանցում մը ստանալէ ետք Քարիմ Պենզեմայէն:
Այսպիսով, Ռէալ Մատրիտ հանդերձարան ուղղուեցաւ 1-0 արդիւնքով գերազանցելով դաշտին տէրը` քաթալոնական Պարսելոնան:
Բ. կիսախաղի սկզբնաւորութեան` 57-րդ վայրկեանին, պրազիլցի Մալքոմ եկաւ փրկելու կացութիւնը, երբ նշանակեց Պարսայի հաւասարութեան կոլը:
Դարձի մրցումին, որ տեղի պիտի ունենայ 27 փետրուարին. կը կարծուի, որ Ռէալ Մատրիտ աւելի հանգիստ մրցում մը պիտի կատարէ:



