Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Օրհներգն Ու ՀՀ Սահմանադրութիւնը

February 5, 2019
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան օրհներգի փոփոխութեան առումով քննարկումներ կազմակերպելու նախաձեռնութիւնը կը թուի, որ դադար առած է: Դադար առնելը չի նշանակեր անշուշտ, որ այս հարցը վերստին օրակարգ պիտի չվերադառնայ:

Օրհներգի փոփոխութեան մասին տեսակէտներու բարձրաձայնումը նոր չէ: Առաջին վարչակարգէն սկսեալ այս խնդիրը զուգահեռ ընթացած է եւ մերթ ընդ մերթ հրապարակ եկած իրերայաջորդ իշխանութիւններու օրով: Ընդ որում ո՛չ միայն երաժշտագիտական եւ գրականագիտական, այլ նաեւ պետական-քաղաքական շրջանակներու կողմէ:

Անշուշտ խնդիրը պէտք է  դիտարկել պետական մտածողութեան դիտանկիւններէ, վերյիշել, որ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ժառանգորդ ըլլալու հանգամանքը ամէն բանէ առաջ կ՛ենթադրէ երկրին անուանումին, խորհրդանիշներուն` դրօշակին, զինանշանին եւ օրհներգին վերաորդեգրումը` իբրեւ իրաւավաւերական հիմքեր ժառանգորդութեան:

Քաղաքականօրէն շատ տրամաբանական կը հնչէ, որ երկրին առջեւ ծառացած բազմաթիւ խնդիրներուն մէջ առաջնահերթութիւնը ոչ թէ նման քննարկումներով հրապարակը խճողելն է, այլ անվտանգութեան եւ ընկերային, տնտեսական ոլորտներու ուղղութեամբ թռիչքաձեւ զարգացման խոստումներու ուղղութեամբ լսումներ, խորհրդակցութիւններ եւ փորձագիտական քննարկումներ կազմակերպելը:

Պարզ է, որ խորհրդարանական լսումներու կամ քննարկումներու ընթացակարգ պիտի չմտնէ օրհներգի փոփոխութեան առաջարկը: Ազգային ժողովի փոխնախագահին տեսակէտը այս պահուն չունի խմբակցութեան որոշում` հարցի ընթացակարգումին: Առ այժմ: Զուգահեռ սակայն, սփիւռքի նախարարութեան անունով տեսակէտներու հաւաքագրման նախաձեռնութիւն առնուած է օրհներգի պահպանմա՞ն, թէ՞ փոփոխութեան հարցադրումով, ինչոր աւելի կը համոզէ, որ հարցը պիտի վերադառնայ:

Խնդիրի բարոյագաղափարական կողմին մասին հրապարակուեցան բազմաթիւ տեսակէտներ, կազմակերպուեցան քննարկումներ, կատարուեցան գրառումներ: Անհրաժեշտ է մօտենալ նաեւ իրաւական կողմէն:

Գործող Սահմանադրութեան  յօդուած 21-ը  կ՛ըսէ.-

Յօդուած 21. Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդանիշերը

1.- Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշը եռագոյն է` կարմիր, կապոյտ, նարնջագոյն հորիզոնական հաւասար շերտերով:

2.- Հայաստանի Հանրապետութեան զինանշանն է. կենտրոնում` վահանի վրայ, պատկերուած են Արարատ լեռը` Նոյեան տապանով, եւ պատմական Հայաստանի չորս թագաւորութիւնների զինանշանները: Վահանը պահում են արծիւը եւ առիւծը, իսկ վահանից ներքեւ պատկերուած են սուր, ճիւղ, հասկերի խուրձ, շղթայ եւ ժապաւէն:

3.- Դրօշի եւ զինանշանի մանրամասն նկարագրութիւնը սահմանւում է օրէնքով:

4.- Հայաստանի Հանրապետութեան օրհներգը սահմանւում է օրէնքով:

Նախորդ Սահմանադրութեան համապատասխան յօդուածը կ՛ըսէր.

Յօդուած 13. Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշը եռագոյն է` կարմիր, կապոյտ, նարնջագոյն` հորիզոնական հաւասար շերտերով:

Հայաստանի Հանրապետութեան զինանշանն է.

կենտրոնում, վահանի վրայ, պատկերուած են Արարատ լեռը` Նոյեան տապանով եւ պատմական Հայաստանի չորս թագաւորութիւնների զինանշանները: Վահանը պահում են արծիւը եւ առիւծը, իսկ վահանից ներքեւ պատկերուած են սուր, ճիւղ, հասկերի խուրձ, շղթայ եւ ժապաւէն:

Հայաստանի Հանրապետութեան օրհներգը «Մեր Հայրենիք»-ն է:

Հայաստանի Հանրապետութեան մայրաքաղաքը Երեւանն է:

Փաստօրէն գործող Սահմանադրութեան երրորդ եւ չորրորդ կէտերը չէին ներառուած նախորդի պարագային: Իսկ այժմ օրէնքի կարգով Սահմանադրութիւնը կ՛արտօնէ փոփոխութիւններ բերել դրօշին, զինանշանին եւ օրհներգին:

Այսօրուան պայմանները չեն բացառեր, որ պետականութեան խորհրդանիշներուն առնչութեամբ փոփոխութեան քննարկումի առաջարկներ վերահնչեն: Քանի մը ուղղութեամբ, յատկապէս  Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը պետութեան խորհրդանիշները անհպելի պահելու համար քարոզչաքաղաքական աշխատանքներ իրականացնելու հրամայականին առջեւ կրնայ կանգնիլ: Արտախորհրդարանական քննարկումներ, տարբեր երկիրներու մէջ համայնքի անունով եւ դեսպանատան ճամբով համահայկական մօտեցումի ամրագրման հանդիպումներ, հիմնաւորումներ եւ գրաւոր_բանաւոր քննարկումներու եզրակացութեան փոխանցումներ` ընդգծելու համար հարցին համահայկական էութիւնը:

Եւ ամէնէն կարեւորը: Սահմանադրութեան բարեփոխման օրակարգի ընթացակարգումի պարագային նախ եւ առաջ սահմանադրական բացարձակ ամրագրումի տեսք տալ երկրի պետութեան երեք խորհրդանիշներուն` կանխարգիլելու համար որեւէ իշխանութեան կողմէ վաւերական ժառանգորդութեան խորհրդանիշները ըստ ճաշակի փոփոխութեան ենթարկելու փորձերը:

Նախորդը

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «ՀՅԴ-ն Չէ Հրաժարած Իր Քաղաքական Պատասխանատուութենէն»

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Օքլահոմա Սիթի Պարտուեցաւ Հակառակ Ուեսթպրուքի Թրիփըլ-Տապըլին

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.