Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կառավարութեան Կազմութեամբ Ամբողջովին Փոխադրուած Ենք Նոր Փուլ Մը, Իսկ Սէուտցիներուն Լիբանան Այցելութեան Արգելքը Պիտի Վերացուի» Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

February 5, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան «Նաշրա» կայքին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ հակառակ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին արձանագրած յապաղումին եւ նախորդ ամիսներուն ընթացքին արձանագրուած քաղաքական տարակարծութիւններուն, կառավարութեան կազմութեան յայտարարութիւնը մղիչ ուժի մը վերածուեցաւ եւ երկիրը փոխադրեց դէպի ամբողջովին նոր փուլ մը:

Զբօսաշրջութեան մակարդակին վրայ բաւական լուրջ եւ մեծաթիւ խոստումներ ստացած ենք, յատկապէս` Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարիի այն յայտարարութիւնը, թէ կառավարութեան կազմութեամբ սէուտցիներուն Լիբանան այցելութեան արգելքը պիտի վերացուի:

«Այս կը նշանակէ, թէ մեծ թիւով սէուտցիներ Պէյրութ պիտի այցելեն, ինչ որ իր կարգին դռները պիտի բանայ, որ Ծոցի երկիրներու այլ քաղաքացիութիւն կրողներ եւս այցելեն Լիբանան: Վստահ եմ, որ այս խոստումը պիտի գործադրուի, եւ ան իր արդիւնքները պիտի ձգէ զբօսաշրջութեան մարզին վրայ», ըսաւ ան:

Նախարար Կիտանեան դիտել տուաւ, որ կառավարութեան կազմութեան յայտարարութեան մետասաներորդ պահուն Լիբանանի տոլարով բաժնետոմսերուն արժէքը բարձրացաւ եւ կարելի եղաւ ժողովուրդին մօտ մտահոգութեան փարատումը շօշափել: «Հետեւաբար կառավարութեան կազմութիւնը Լիբանանի նկատմամբ վստահութիւնը մասամբ վերահաստատեց, ինչպէս նաեւ հետագային առիթ պիտի տայ, որ դրամատնային մարզին մէջ արձանագրուած աշխատանքի սառեցումը վերջ գտնէ` անձնական վարկեր ստանալու առումով: Կը մաղթենք, որ 2019-ի պետական ամավարկը ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին վաւերացուի, որպէսզի երկրին ելեւմտական կացութիւնը կանոնաւորուի», շեշտեց Ա. Կիտանեան:

Նախարար Կիտանեան հաստատեց, որ կառավարութեան մէջ կին նախարարներու մասնակցութիւնը` կառավարութեան կազմութեան կարեւորագոյն քայլերէն մէկն է, յատկապէս անոր համար, որ կին նախարարները ստանձնած են կարեւոր եւ հիմնական նախարարութիւններ, որոնց շարքին են ներքին գործոց եւ ուժանիւթի նախարարութիւնները:

«Այսօր բոլորը կը զգան երկրին զգայուն իրավիճակն ու անոր սպառնացող վտանգները, եւ այդ իրականութենէն մեկնելով քաղաքական բոլոր ուժերը որոշած են գործակցիլ եւ կառավարութեան աշխատանքները աշխուժացնել` առանց մտածելու նախարարաց խորհուրդի աշխատանքը արգելակելու եւ քաղաքական տարակարծութիւններու մէջ ներքաշուելու մասին», ըսաւ ան:

Նախարար Կիտանեան շեշտեց, որ Լիբանան այսօր կը գտնուի անդունդի եզրին, եւ կառավարութիւնը լրջօրէն պէտք է գործէ եւ յաջողի իր գործունէութեան մէջ` ստանալու համար «Սետր»-ի խորհրդաժողովին ընթացքին խոստացուած վարկերը` Լիբանանի յատկացուած նիւթական օժանդակութիւնները:

«Համոզուած եմ, որ բոլորը գիտակից են այս իմաստով եւ կրնան աշխուժ ու արդիւնաբեր  աշխատանք իրականացնել», եզրափակեց Ա. Կիտանեան:

Նախորդը

Վարչապետ Հարիրի Նախագահեց Կառավարութեան Աշխատանքային Ծրագիրի Մշակման Նիստին

Յաջորդը

Մակունց. «Քայլերգը Փոխելու Հարցը Օրակարգային Չէ»

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.