Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Սուրիոյ Հետ Հաղորդակցութիւնը Պիտի Պահենք Ցած Մակարդակի Վրայ» Կ՛ըսէ Էրտողան

February 5, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ իր կառավարութիւնը Սուրիոյ հետ հաղորդակցութիւնները գաղտնի սպասարկութեան ճամբով «ցած մակարդակի վրայ» պահած է` աւելցնելով. «Նոյնիսկ թշնամիիդ հետ յարաբերութիւններդ ամբողջական կերպով չես խզեր, որովհետեւ կրնաս անոր պէտք ունենալ»:

Թուրքիոյ նախագահը նաեւ ընդգծեց, որ Անգարա ամերիկեան ղեկավարութեամբ Միջազգային դաշինքին նկատմամբ վստահութիւն չունի:

Էրտողան յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիան պէտք է պատասխանէ սէուտցի ընդդիմադիր լրագրող Ժամալ Խաշոկճիի սպանութեան հարցով կալանաւորուած 22 անձերուն վերաբերեալ հարցումներուն, ինչպէս նաեւ բացատրէ, թէ 15 անձեր ինչո՞ւ Պոլիս եկան եւ որո՞ւ հրամանով:

Ան ըսաւ, թէ մտիկ ըրած է Խաշոկճիի սպանութեան հարցով ձայնագրութիւնները, եւ չի հասկնար, որ Միացեալ Նահանգներ այդ հարցին վերաբերեալ ինչո՛ւ լուռ կը մնան:

Միւս կողմէ, թրքական «Թէ.Ռէ.Թէ.» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Էրտողան յայտարարած է, թէ Անգարա կ՛ակնկալէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ պիտի կատարէ մօտիկ ապագային Սուրիայէն ամերիկեան ուժերը հեռացնելու մասին իր տուած խոստումը:

«Պարոն Թրամփը խոստացած է, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի հեռանան Եփրատի արեւելեան ափէն: Մենք յոյս ունինք, որ այդ խոստումը մօտիկ ապագային պիտի կատարուի», նշած է Թուրքիոյ ղեկավարը:

Ան դարձեալ յիշեցուցած է, որ Թուրքիան դէմ է Սուրիոյ մասնատման եւ հանդէս կու գայ յանուն երկրի տարածքային ամբողջականութեան եւ քաղաքական միութեան պահպանման:

Էրտողանի համաձայն, Սուրիոյ հիւսիսը ստեղծուելիք ապահովական գօտին պէտք է ըլլայ Թուրքիոյ վերահսկողութեան տակ: «Մենք կը ձեռնարկենք բոլոր քայլերուն` այդ տարածքին մէջ անվտանգութեան ապահովման համար», աւելցուցած է ան:

Նախորդը

Ամերիկեան Բանակային Նոր Ստորաբաժանումներ Կը Տեղակայուին Մեքսիքայի Հետ Սահմանին Վրայ

Յաջորդը

Գրառումներ

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.