Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ Տպաւորիչ Յաղթանակով Մը Վերադարձաւ Թրիփոլիէն` Յաղթելէ Ետք Իժթիմահիին (5-3)

February 4, 2019
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 13-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ` կիրակի, 3 փետրուարին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը, որ Թրիփոլիի մէջ հիւրը եղաւ Իժթիմահիին, երեք արժէքաւոր կէտերով վերադարձաւ Պէյրութ` կոլերով հարուստ մրցումէ մը ետք 5-3 արդիւնքով պարտութեան մատնելով իր մրցակիցը: Նշենք, Ա. կիսախաղը վերջ գտաւ 2-2 հաւասարութեամբ:

Մրցումը հազիւ սկսած, 4-րդ վայրկեանին Սեմի Պիայ նշանակեց ՀՄԸՄ-ի առաջին կոլը: 26-րդ վայրկեանին Իժթիմահի հաւասարեցուց արդիւնքը: Երեք վայրկեան ետք, Իժթիմահիի նոյն ափրիկեցի ֆութպոլիստը` Ժոզեֆ Անսա, նշանակեց իր երկրորդ կոլը:

33-րդ վայրկեանին Յակոբ Նաճարեան նշանակեց ՀՄԸՄ-ի հաւասարութեան կոլը:

Բ. կիսախաղին սկսելէն չորս վայրկեան ետք, Իժթիմահիի ափրիկեցին, իրագործեց հեթրիք մը: 70-րդ վայրկեանին սակայն, ՀՄԸՄ նշանակեց իր հաւասարութեան (3-3) կոլը` շնորհիւ Գէորգ Պօղոսեանի (ազատ հարուածէ մը ետք):

Հաւասարութեան այդ կոլին յաջորդեց Սարգիս Ազնաւուրեանի կողմէ նշանակուած սքանչելի կոլը` շուրջ 30 մեթր հեռաւորութենէն:

Վերջապէս, 82-րդ վայրկեանին, Սեմի Պիայ նշանակեց ՀՄԸՄ-ի վերջին կոլը (5-3)` փոխանցում մը ստանալէ ետք Ազնաւուրեանէն:

Այսպիսով, երթին միայն մէկ յաղթանակ արձանագրած եւ դարձի իր առաջին մրցումին պարտութիւն մը կրած ՀՄԸՄ, բացառիկ ելոյթ մը ունենալով արձանագրեց տարեշրջանի իր երկրորդ յաղթանակը` լաւապէս գործադրելով մարզիչ Վաչէ Սարգիսեանի թելադրանքներն ու ցուցմունքները:

Երէկ մարզիչ Վաչէ Սարգիսեանի հետ կատարուած հեռաձայնային հաղորդակցութենէ մը ետք իմացանք, որ այս մրցումին ան կատարեց քանի մը փոփոխութիւններ, որոնք տուին իրենց դրական արդիւնքը, բնականաբար անհրաժեշտ ցուցմունքները տալէ ետք մրցումէն առաջ եւ Բ. կիսախաղին սկիզբը:

Վաչէ Սարգիսեան դրուատեց ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն ցուցաբերած պայքարի ոգին:

Կը շնորհաւորենք ՀՄԸՄ-ի այս յաղթանակը` խումբին մաղթելով նորանոր յաղթանակներ:

Նախորդը

Աքրամ Հալապի Շնորհաւորեց Նախարար Մոհամետ Ֆընէյշը

Յաջորդը

Պասքեթպոլ. Տուպայի Միջազգային Մրցաշարք

RelatedPosts

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ,  Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին
Մարզական

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ, Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին

October 28, 2026
Վարդան Մինասեան  Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն
Մարզական

Վարդան Մինասեան Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն

October 28, 2026
Ըմբշամարտ.  Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք
Մարզական

Ըմբշամարտ. Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.