– ՀՄԸՄ Արձանագրեց Յաղթանակ Մը Եւ Կրեց Պարտութիւն Մը
– Ռիատի Եւ Պէյրութ Արձանագրեցին Երկուքական Յաղթանակ
Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ շաբաթավերջին Տուպայի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) սկսաւ Տուպայի պասքեթպոլի միջազգային մրցաշարքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն նաեւ լիբանանեան երեք խումբեր` Լիբանանի ախոյեան ՀՄԸՄ, Ռիատի եւ Պէյրութ:
Մրցաշարքին առաջին օրը, լիբանանեան երեք կազմերն ալ յաղթանակներ արձանագրեցին:
ՀՄԸՄ, որ մրցեցաւ Տուպայի ամերիկեան համալսարանին դէմ, արձանագրեց յաղթանակ մը` 91-77 արդիւնքով: Պէյրութ յաղթեց իրաքեան Նաֆթ խումբին (92-75), իսկ Ռիատի` մարոքեան Ժամհիեթ Սալային (94-88):
Առաջին մրցումին, ՀՄԸՄ-էն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ուոլթըր Հոճ (26): Մայք Էֆիպրա նշանակեց 18 կէտ, իսկ Ժերար Հատիտեան` 14:
Պէյրութէն տապըլ-տապըլ մը իրագործեց Ալի Հայտար (24 կէտ, 14 ռիպաունտ), մինչ Ռիատիէն` Ժան Ապտելնուր (10 կէտ, 10 ռիպաունտ):
Ինչ կը վերաբերի երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն, մինչ Պէյրութ եւ Ռիատի արձանագրեցին իրենց երկրորդ յաղթանակը, ՀՄԸՄ պարտութիւն մը կրեց Մայթիէն (Ֆիլիփեան կղզիներ)` 96-89 արդիւնքով, թէեւ Ուոլթըր Հոճ նշանակեց 39 կէտ:
Պէյրութ յաղթեց Սալային (91-81), մինչ Ռիատի` Յորդանանի ազգային խումբին (81-68):
Այսօր` երկուշաբթի, 4 փետրուարին, ՀՄԸՄ մրցում չունի կատարելիք:
 
			


