ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թուրքիա եւ բռնակալ քանի մը այլ կառավարութիւններ հետզհետէ աւելի կը չարաշահեն իրենց անդամակցութիւնը Ինթերփոլի կառոյցին` իրենց հակառակորդները հետապնդելու եւ պատժելու համար: Ինթերփոլ կամ Քրէական ոստիկանութեան միջազգային կազմակերպութեան անդամ են 194 երկիրներ, կը զբաղի անդրազգային յանցագործութիւններու դէմ պայքարով:
Թէեւ Ինթերփոլի կանոնադրութեամբ արգիլուած է անհատներու հետապնդումը քաղաքական, կրօնական, ռազմական կամ ցեղային պատճառներով, բայց եւ այնպէս, քանի մը անդամ պետութիւններ տակաւին կը շարունակեն չարաշահել Ինթերփոլի իշխանութիւնը` իրենց հակառակորդները հետապնդելու նպատակով:
Թուրքիոյ կառավարութեան Ինթերփոլէն վերջին պահանջն էր ձերբակալել եւ երկրէն դուրս հանել NBA-ի թրքական ծագում ունեցող պասքեթպոլի մարզիկ Էնես Քանթերը` անոր անունը տեղադրելով Ինթերփոլի ծանուցման կարմիր ցուցակին մէջ: Քանթերը մերժած է իր խումբին` «Նիւ Եորք Նիքս»-ի հետ թռչիլ դէպի Լոնտոն, NBA-ի խաղի համար: Ան ըսած է, որ ինք Էրտողանի կառավարութեան կողմէ անիրաւօրէն մեղադրուած է իբրեւ «ահաբեկիչ» եւ կը վախնայ, որ թուրք գործակալները զինք սպաննեն Լոնտոնի մէջ:
Ապտուլլահ Պոզքուրտ «Թրքական վայրկեան» կայքին մէջ 9 մայիս 2017-ին գրած է, որ Քանթերը «հազիւ ինքզինք ազատած է Ճաքարթա [Ինտոնեզիա] գտնուած ժամանակ, ուր ան կանգ առած էր բարի կամքի համաշխարհային շրջապտոյտի ընթացքին: Ինտոնեզիական բանակը եւ գաղտնի ծառայութիւնը ներխուժած էին դպրոց, ուր նախատեսուած էր ձեռնարկը` զայն Թուրքիոյ պահանջին հիմամբ ձերբակալելու համար, սակայն ան յաջողեցաւ հեռանալ Ինտոնեզիայէն դէպի Ռումանիա: Միացեալ Նահանգներ վերադառնալու ճամբուն վրայ, Պուքրէշի Հենրի Քոանտայի միջազգային օդակայանին մէջ զայն ձերբակալած են, քանի որ անոր անձնագիրը չեղեալ յայտարարուած է Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ: NBA-ի աստղը հետագային ազատ արձակուեցաւ` Միացեալ Նահանգներու պաշտօնեաներու միջամտութենէն ետք, զոր կատարուեցաւ իր անունով: Ան կը մնայ Էրտողանի ուժեղ քննադատը` իր իրաւունքներու ոտնահարման պատճառով»:
«Ուաշինկթըն Փոսթ» թերթի սիւնակին մէջ Քանթերը գրած է. «Ոեւէ մէկը, որ կը խօսի անոր [Էրտողանի] դէմ, թիրախ է: Ես հաստատօրէն թիրախ եմ: Էրտողան կը ցանկայ զիս վերադարձնել Թուրքիա, ուր ան կրնայ լռեցնել զիս»: Քանթերը ըսած է «Նիւզուիք» ամսագիրին, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը «մեր դարուն Հիթլերն է»: ESPN-ի համաձայն, Թուրքիոյ կառավարութիւնը անցեալ տարուան նոյեմբերին Ինթերփոլէն պահանջած է աւելի քան 80 մարդ ձերբակալել տարբեր երկիրներու մէջ եւ զանոնք յանձնել Թուրքիոյ…
Թուրք քանի մը այլախոհներ դժուարութեամբ խոյս տուած են թրքական կառավարութեան` Ինթերփոլի միջոցով երկարատեւ հետապնդումներէ: Անցեալ տարուան հոկտեմբերին Թուրքիա պահանջած է, որ Ինթերփոլ ձերբակալէ եւ արտայանձնէ «Ճումհուրիէթ» թերթի նախկին խմբագիր Քան Տունտերն ու «Ահուալ» լրատուական կայքի խմբագիր Իլհան Թանիրը: «Ես մէկը չեմ սպաննած, մենատիրական ընկերութիւն չեմ ղեկավարած, դրամատուն չեմ թալանած կամ որեւէ այլ վատ բան չեմ ըրած, որ արդարացնէ միջազգային մարդորսութիւնը», գրած է Թանիրը: «Թուրքիոյ կառավարութիւնը զիս կը հետապնդէ լրագրողական գործունէութեանս համար»:
Լրագրող, հեղինակ, մարդու իրաւունքներու պաշտպան Ռակիփ Զարաքօղլուին անունը տեղադրուած էր Ինթերփոլի կարմիր ծանուցման ցուցակին մէջ` զայն ձերբակալելու եւ Թուրքիոյ յանձնելու համար: Ան ներկայիս կը գտնուի Շուէտ` Էրտողանի ճանկերէն հեռու եւ ապահով:
Ուրիշ թուրք լրագրող մը, սակայն նոյնքան բախտաւոր չեղաւ: Համզա Եալչինը, որ փախած էր Շուէտ, 2017 թուականին Ինթերփոլը, Թուրքիոյ պահանջով, ձերբակալեց Սպանիա կատարած անոր այցելութեան ժամանակ: Ան ազատ արձակուեցաւ երկու ամիս անց, Շուէտի եւ Գերմանիոյ կառավարութիւններու կողմէ գործադրուած ճնշումներէն ետք:
«Մենք կ՛ողջունենք Սպանիոյ կառավարութեան որոշումը, որ կը վկայէ միջազգային իրաւունքի յարգման մասին», յայտարարեց «Լրագրողներ առանց սահմաններու» կազմակերպութիւնը: «Համզա Եալչինի ազատ արձակումը յստակ պատգամ էր` ուղղուած Թուրքիոյ կառավարութեան, որ Ինթերփոլը պէտք չէ օգտագործուի երկրէն դուրս փախած լրագրողներու` քաղաքական նպատակներով հետապնդման համար»:
2016 յուլիսի յեղաշրջման ձախողութենէն կարճ ժամանակ անց Թուրքիա 60 հազար կարմիր ծանուցման պահանջ ուղարկեց Ինթերփոլի: Կարմիր ծանուցումները միայն ծանր յանցագործութիւններու մէջ մեղադրուող մարդոց համար են, եւ Ինթերփոլի կանոնադրութիւնը կոչ կ՛ընէ երկիրներուն` չօգտագործել համակարգը քաղաքական նպատակներու համար եւ գործել մարդու իրաւունքներու միջազգային չափանիշներու ոգիով: Թուրքիա, Չինաստան, Ռուսիա եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ կոպտօրէն կը խախտեն այս կանոնակարգը, յայտարարած է «Ֆորէյն փոլիսի» ամսագիրը:
2017 ապրիլին ընդունուած բանաձեւին մէջ Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովը կոչ ըրած է Ինթերփոլի` «Շարունակել բարելաւել իր կարմիր ծանուցման ընթացակարգը` չարաշահումները առաւել արդիւնաւէտ կերպով կանխարգիլելու եւ ջնջելու համար»: «Լրագրողներ առանց սահմաններու» կազմակերպութեան արեւելեան Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ գրասենեակի ղեկավար Ճոհան Պիրը յայտարարած է, որ` «տասնեակ մը թուրք լրագրողներ ստիպուած եղած են երկրէն փախչելու` 2016 յուլիսի թրքական յեղաշրջման ձախողութենէն ի վեր: Սակայն, ինչպէս աշխարհի բոլոր տարագիր լրագրողներուն, անոնց եւս կը սպառնայ Ինթերփոլի քաղաքական չարաշահումը: Ինթերփոլի կողմէ սկիզբ առած բարեփոխումները պէտք է իրենց աւարտին հասցնել կարելի եղածին չափ շուտ, որպէսզի այդ կառոյցը կարենայ ինքզինք աւելի լաւ պաշտպանել Թուրքիոյ եւ բռնակալ միւս պետութիւններու անարդար պահանջներէն»:
Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ



