Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Տընի Փիեթոն երէկ «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ առաջին անգամը չէ, որ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն դէմ յարձակում մը կը գործուի:
Ան ընդգծեց, որ հարկ է ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը թիրախ դարձնող այս յարձակումներուն դէմ պատասխանելու ձեւ մը գտնուի եւ կարելի ըլլայ ռազմավարական հետաքննութիւն մը կատարել` խաղաղապահ ուժերուն եւ լիբանանեան բանակին մասնակցութեամբ, բացայայտելու համար այդ պայթումին դրդապատճառները:
Փիեթոն յայտնեց, որ ՖԻՆԻՒԼ յանձնառու պիտի մնայ հարաւային Լիբանանի մէջ գործադրելու համար ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւը, ինչպէս նաեւ զօրակցելու համար, որ լիբանանեան բանակը տարածուի եւ աւելի մեծ եւ լուրջ պատասխանատուութիւններ ստանձնէ` երկրին պաշտպանութեան իմաստով:
«ՍԱՖԻՐ» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին մէջ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Տընի Փիեթոն նշեց, որ Ֆրանսա յանձնառու կը մնայ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն առաքելութեան մաս կազմելու:


