Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԱՐ ԺԸՐԺՈՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԺԸՊՐԱՆ ԹՈՒԷՅՆԻԻ ՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ Զ. ՏԱՐԵԼԻՑԻ ՆՇՈՒՄ

December 12, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Հոգեհանգստեան արարողութենէն պահ մը

Նախկին երեսփոխան Ժըպրան Թուէյնիի եւ անոր ընկերակիցներուն` Նիքոլա Ֆլութիի եւ Անտրէ Մըրատի սպանութեան Զ. տարելիցին առիթով, կիրակի կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Նըժմէ հրապարակի Մար Ժըրժոս եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, որուն նախագահեց յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը` ներկայութեամբ անոր ընտանիքին, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի ներկայացուցիչ, փոխվարչապետ Սամիր Մուքպելի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Միշել Մուսայի եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի ներկայացուցիչ, նախարար Նիքոլա Սահնաուիի:

Հոգեհանգստեան արարողութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ մեծ թիւով երեսփոխաններ, դիւանագէտներ եւ պետական ու բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ:

Աուտէ եպիսկոպոս իր քարոզին մէջ շեշտեց, որ  Ժըպրան Թուէյնի իր հայրենիքը իր կեանքէն առաջ դասեց եւ անոր համար ալ նահատակուեցաւ:

Ընտանիքին անունով խօսք առաւ սպաննուած երեսփոխանին զաւակը` Միշել Թուէյնի, որ յայտնեց, թէ Ժըպրան Թուէյնիի նահատակութիւնը յիշատակ չէ, այլ ան ներկան է ու ապագան: «Նահար» օրաթերթի բոլոր ծրագիրներուն մէջ Ժըպրան Թուէյնի ներկայ է, ան կ՛արտացոլայ Լիբանանի մէջ շարժող իւրաքանչիւր ազատ գրիչի հետ:

Մ. Թուէյնի իր խօսքը եզրափակեց բոլոր նահատակներուն արդարութիւն եւ անոնց յիշատակին հաւատարմութիւն մաղթելով:

Միւս կողմէ, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի Թուէյնիի սպանութեան տարելիցին առիթով յայտնեց, որ իրենք կը մխիթարուին անոր համար, որ ազատութեան դատը, որուն համար պայքարեցաւ եւ պայքարի ուղիին վրայ Ժըպրան Թուէյնի իր կեանքը զոհեց, այսօր արաբական աշխարհին մէջ աննախընթաց յաղթանակներ կ՛արձանագրէ:

Իր կարգին, երեսփոխան Պութրոս Հարպ շեշտեց, որ Ժըպրան Թուէյնիի սպանութեան Զ. տարելիցին առիթով իրենք անշեղ կը մնան Մայրիներու յեղափոխութեան նպատակներէն:

 

Նախորդը

«ԱԶԴԱԿ»-Ի ՖՈՆՏԻՆ

Յաջորդը

ՓԻԵԹՈՆ. «ՖԻՆԻՒԼ ՊԷՏՔ Է ՊԱՏԱՍԽԱՆԵԼՈՒ ՁԵՒԸ ԳՏՆԷ ԻՐ ԴԷՄ ԳՈՐԾՈՒՈՂ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄՆԵՐՈՒՆ»

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.