Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կոմիտասի Եւ Յովհաննէս Թումանեանի 150-Ա ամեակները Ներառուած Են ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Յոբելենական Իրադարձութիւններու Օրացոյցին Մէջ

February 1, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այս մասին 29 յունուարին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ժամանակ յայտարարեց Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարի պարտականութիւնները կատարող Նազելի Ղարիբեանը:

Հայաստանի` ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ազգային յանձնաժողովի գլխաւոր քարտուղար Վահրամ Կաժոյեանն ալ նշեց, որ ամէն տարի երկիրները իրաւունք ունին երկուքական դիմում ներկայացնելու օրացուցային օրերու համար, եւ միշտ խնդիր եղած է ընտրութեան հարցով: Այս անգամ, սակայն, ընտրութեան հարցով տարակարծութիւններ չեն եղած: Կոմիտասի եւ Թումանեանի 150-ամեակները ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի օրացոյցին մէջ ընդգրկելու վերաբերեալ յանձնաժողովին կարծիքը բանավէճի նիւթ չէ դարձած:

Պարզուած է, սակայն, խնդիր եղած է` կապուած Թուրքիոյ հետ: Կոմիտասի 150-ամեակը սկիզբը չէ ներառուած օրացոյցին մէջ: Պատճառաբանուած է, որ Կոմիտասը ծնած է Թուրքիոյ տարածքին եւ այս պարագային պէտք է նաև թրքական կողմին դիրքորոշումը: Հայկական կողմը, ի վերջոյ, յաջողած է հաստատել եւ հիմնաւորել հայկական կողմին դիմումը:

Կոմիտասի ծննդեան 150-ամեակի առիթով Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ պիտի իրականացուին նաեւ համերգային ծրագիրներ, փառատօներ, ցուցահանդէսներ:

Յունուար 29-ին պետական յոբելենական յանձնաժողովը ներկայացուցած է տարուան ընթացքին նախատեսուած ձեռնարկները:

«Յոբելենական տարին պատշաճ մակարդակով կազմակերպելու նպատակով եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի որոշումով 2018 սեպտեմբեր 6-ին ստեղծուած է յոբելենական յանձնաժողով, եւ հաստատուած է անոր կազմը: Յանձնաժողովը կազմած է ձեռնարկներու ցանկ: Պիտի ըլլան յոբելենական հրատարակութիւններ, պիտի հրապարակուին ձայնասկաւառակներ, պիտի պատրաստուին եւ հեռարձակուին հեռուստահաղորդումներ եւ հոլովակներ, կրթական ծրագիրներ եւ այլն», նշած է Հայաստանի մշակոյթի նախարարի պարտականութիւնները կատարող Նազենի Ղարիբեանը:

Անդրադառնալով նախատեսուած ծրագիրներուն բովանդակային կողմին` Հայաստանի Հանրապետութեան արուեստի վաստակաւոր գործիչ Մհեր Նաւոյեանը ըսած է, որ անոնք կ՛ընդգրկեն Կոմիտասի գործունէութեան բոլոր ոլորտները. «Երգահան, երաժիշտ-ազգագրագէտ, երաժշտագէտ, երգիչ, հրապարակախօս: Կարեւոր շեշտադրութիւնը, որ նկատի ունեցած ենք նախագիծերը կազմելու ժամանակ, եղած է այն, որ Կոմիտասը չներկայանայ սոսկ իբրեւ թանգարանային ցուցանմուշ: Անոր ստեղծագործական մօտեցումները կամ սկզբունքները այսօր ալ կրնան ամբողջ երաժշտական դպրոց մը սնուցանել», հաւաստիացուցած է Նաւոյեանը:

Յոբելենական տարուան ձեռնարկներուն սկիզբը եղաւ յունուար 29-ին, Արամ Խաչատրեան համերգասրահին մէջ, Կոմիտասի 150-ամեակին նուիրուած համերգային ծրագիրով:

 

 

Նախորդը

Ուխտի Ճանապարհներ. Այց Կոմիտասի Անուան Պանթէոն (Գ)

Յաջորդը

Համացանցը Երբեմն Հմայող Լոյս Ալ Կը Բերէ

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.