Ռուս կրանտմասթըր, աշխարհի ճատրակի 14-րդ ախոյեան Վլատիմիր Քրամնիք երէկ պաշտօնապէս յայտարարեց, թէ կ՛աւարտէ իր արհեստավարժ ասպարէզը:
43 տարեկան Քրամնիք ըսաւ, թէ քանի մը ամիս առաջ չէր ընդուներ այս որոշումը, սակայն այժմ կու գայ վերջ մը դնելու իր արհեստավարժ ասպարէզին:
Քրամնիք 2000-ին հռչակուեցաւ աշխարհի ախոյեան` յաղթելով Կերի Գասպարովին, եւ ան աշխարհի ախոյեանութեան տիտղոսակիրն էր մինչեւ 2007:
Իսկ Ռուսիոյ կազմին հետ ան դարձաւ Ողիմպիականի եռակի ախոյեան, աշխարհի եւ Եւրոպայի խմբային ախոյեան:



