Արսենալին մաս կազմող, կապոնցի յառաջապահ Փիեռ-Էմերիք Օպամեյանկ կոլի հեղինակ դառնալով Քարտիֆի դէմ կատարուած Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Փրեմիեր լիկ») 24-րդ հանգրուանի մրցումին, լոնտոնեան կազմին հետ յաջողեցաւ նշանակել իր 25-րդ կոլը:
Ասիկա նկատուեցաւ նոր մրցանիշ մը` նկատի ունենալով, որ ան հանդիսացաւ առաջին ֆութպոլիստը, որ «Փրեմիեր-լիկ»-ին մէջ կը նշանակէ 25 կոլ:
Նախկին մրցանիշը կը պատկանէր դարձեալ Արսենալին մաս կազմող այլ մարզիկի մը` ֆրանսացի Թիերի Հանրիին, որ սակայն 25 կոլ նշանակած էր 42 մրցումի ընթացքին:
Այս մրցումին Արսենալ 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:



