Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան 28 յունուարին մասնակցեցաւ Հայոց բանակի օրուան առիթով ընդունելութեան, որ կազմակերպուած էր պաշտպանութեան նախարար Եագուպ Սարրաֆի կողմէ:
Ընդունելութեան մասնակցեցան պաշտպանութեան նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներ:
Ընդունելութեան յաջորդեց ընթրիք մը, որ Սարրաֆի կողմէ սարքուած էր ի պատիւ դեսպան Աթաբէկեանի:
Ընթրիքին ներկայ գտնուեցան նաեւ Պէյրութի մէջ գործող մեծ թիւով դեսպաններ, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար Սթեֆանօ Տել Քոլ` նկատի ունենալով ՖԻՆԻՒԼ-ին մաս կազմող հայկական ուժերու զօրամասը:
Ընդունելութեան ընթացքին դեսպան Աթաբէկեան ներկաները ծանօթացուց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան նոր նշանակուած զինուորական կցորդին:



