Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ Ճիւնիի Ակումբին Մէջ «Րաֆֆի Եսայեան» Ժողովասրահի Բացում

January 30, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 26 յունուար 2019-ի երեկոյեան ժամը 8:30-ին ՀՄԸՄ-ի Ճիւնիի ակումբին մէջ հաւաքուած ՀՄԸՄ-ականներ, ընդառաջելով վարչութեան հրաւէրին, բարձրացան ակումբի առաջին յարկը:

Խաչիկ Ա. քհնյ. Միսիրեան, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան, Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Հայկ Թապաքեան, Րաֆֆի Եսայեան եւ վարչութեան ատենապետ Ներսէս Ճուպանեան, տէր հօր աղօթքէն ետք, կտրեցին դրան մուտքի ժապաւէնը` բացումը կատարելով ՀՄԸՄ-ի Ճիւնիի` եղբ. Րաֆֆի Եսայեանի անուան ժողովասենեակին:

Րաֆֆի Կէօվօղլանեան

Կեդրոնական վարչութեան ատենադպիր Րաֆֆի  Կէօվօղլանեան այս առիթով արտասանած խօսքին մէջ վեր առաւ Րաֆֆի Եսայեանի տարիներու վաստակը` ՀՄԸՄ Ճիւնիի մեծ ընտանիքին մէջ եւ գնահատեց այս գծով վարչութեան առած քայլը:

Այս առիթով նաեւ գնահատական գրութիւններ արձանագրուեցան մասնաճիւղի Ոսկեայ մատեանին մէջ:

Ներկաները հրաւիրուեցան ակումբի «Ժան Ապաճեան» սրահ, ուր տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընթրիք` ի պատիւ Րաֆֆի Եսայեանի: Օրուան յայտագիրին բացումը կատարեց Գէորգ Գազանճեան, որ հրաւիրեց ներկաները յոտնկայս ունկնդրելու Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՄԸՄ-ի քայլերգները:

Հայկ Թապաքեան

Ան ողջունեց` շրջանի հոգեւոր հովիւ Խաչիկ Ա. քհնյ. Միսիրեանը, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանը, եւ ատենադպիր Րաֆֆի Կէօվօղլանեանը, ՀՄԸՄ Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը, ՀՅԴ «Հրայր Մարուխեան» կոմիտէն, Ճիւնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղականութիւնը, ԼՕԽ-ի «Սեւան» մասնաճիւղը, Կեդրոնական եւ Շրջանային վարչութիւններու վաստակաւոր նախկին անդամները եւ բոլորին շնորհակալութիւն յայտնեց վարչութեան անունով` իրենց ներկայութեան համար: Գ. Գազանճեանը իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ այսօր ՀՄԸՄ Ճիւնիի մասնաճիւղը կ՛ապրի անսահման ուրախութեան եւ աննկարագրելի հպարտութեան զոյգ զգացումները: Ապա անդրադարձաւ Րաֆֆի Եսայեանի կենսագրականին` յատկապէս լուսարձակի տակ առնելով ակումբի հիմնադրութենէն` 1950-ական թուականներէն մինչեւ օրս անոր տարած միութենական լայնածիր աշխատանքը, որուն շնորհիւ 1994-ին արժանացած է «Ծառայութեան» շքանշանին, ինչպէս նաեւ կը գործէ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան թանգարանի յանձնախումբին մէջ:

Ապա տեղի ունեցաւ նկարներու ցուցադրութիւն, օրուան հանդիսավար Գէորգ Գազանճեանը մեկնաբանեց նկարներու վայրը, թուականը եւ մանրամասնութիւնները:

Ընթրիքը ընթացաւ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ` ներկաներու սրտի խօսքերու ընկերակցութեամբ: Սրտի խօսքեր արտասանեցին` Խաչիկ Ա. Միսիրեան, Գառնիկ Մկրտիչեան, Րաֆֆի Կէօվօղլանեան, Հայկ Թապաքեան, Րաֆֆի Եսայեան, Րաֆֆի Ատուրեան, Պետիկ Սապունճեան, Ներսէս Ճուպանեան, Գէորգ Գազանճեան եւ Մանօ Գազանճեան, ինչպէս նաեւ արտասահմանէն հասած էին սրտի խօսքեր` Թալին Աբանեանէն, Նանոր Ճուպանեան-Գասարճեանէն եւ  Վարուժ Եսայեանէն, որոնք Րաֆֆի Եսայեանին մաղթեցին քաջառողութիւն եւ յարատեւ վերելք:

Ընթրիքի աւարտին բեմ հրաւիրուեցան` շրջանի հոգեւոր հովիւ Խաչիկ Ա. քհնյ. Միսիրեանը, Գառնիկ Մկրտիչեանը, Սիլվա Սաղրեանը, Րաֆֆի Եսայեանը, Նորա Ապաճեանը, Րաֆֆի Ատուրեանը եւ Ներսէս Ճուպանեանը, որոնք հատեցին ՀՄԸՄ-ի վահանով զարդարուած կարկանդակը:

Րաֆֆի Եսայեան
Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Դ. Իշխանեան. «Դաշնակցութիւնն Առաւել Կարեւորել Է Այս Փուլում Ռազմաքաղաքական Դաշինքի Մասին Համաձայնագիրը Իրականութիւն Դարձնել»

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.