Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փարիզի Մէջ. Հարիրի – Ժահժահ Հանդիպում

January 28, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրի շաբաթ երեկոյեան Փարիզի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հետ:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւններն ու կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին շրջագիծին մէջ արձանագրուած զարգացումները:

Հանդիպումին մասին մանրամասնութիւններ չհրապարակուեցան:

Նշենք, որ կը նախատեսուէր, որ Հարիրի երէկ երեկոյեան երրորդ անգամ ըլլալով հանդիպում մը ունենար Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի հետ` քննարկելու համար կառավարութեան կազմութեան իմաստով կատարուած խորհրդակցութիւններուն արդիւնքները:

Միւս կողմէ, իսրայէլեան «Մաարիվ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան վերաբերեալ աննախատեսելի եւ ապշեցուցիչ յայտարարութիւն մը վերագրուած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լոտրիանին: Ըստ օրաթերթին, Լոտրիան նշած է, թէ Իսրայէլի նախագահ Ռովին Ռիվլինի Փարիզ այցելութեան ընթացքին ֆրանսացի պատասխանատուներ խնդրած են Ռիվլինէն Լիբանանի դէմ զինուորական գործողութիւններ չսանձազերծել` նախքան կառավարութեան կազմութիւնը:

«Մաարիվ»-ի համաձայն, Լոտրիան յայտնած է հետեւեալը. «Ֆրանսա կասեցուցած է լիբանանեան բանակին իր տրամադրած օժանդակութիւնները, իսկ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն ջնջած է յառաջիկայ ամիս Լիբանան կատարելիք իր այցելութիւնը` Իրանի զօրակցութիւնը վայելող Հըզպալլայի զինուորական գործողութիւններուն պատճառով: Մենք նախագահ Ռիվլինին ըսինք, թէ լիբանանցիները ի վերջոյ պիտի կարենան քաղաքական իրենց տագնապը լուծել եւ կառավարութիւն կազմել»:

Նշենք, որ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթը իր կարգին երէկուան թիւին մէջ գրած է, թէ Ֆրանսայի իշխանութիւնները սպառնացած են Լիբանանին ջնջել փետրուարի երկրորդ կիսուն Մաքրոնի Լիբանան կատարելիք պաշտօնական այցելութիւնը, եթէ կառավարութիւնը շաբաթ մը ետք չկազմուի:

 

Նախորդը

Ռայի Պատրիարքը Նախագահեց Մարոնի Երեսփոխաններուն Կազմած Յանձնախումբի Նիստին

Յաջորդը

Սէյիտ Նասրալլա. «Սիոնականները Պիտի Չիմանան, Թէ Ուրկէ՛ Գալիլիոյ Մէջ Յայտնուած Ենք, Իսկ Կառավարութեան Կազմութեան Կառչած Կը Մնանք»

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.