Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թաղական Խորհուրդներու Ընկերային Ցանցերու Ներկայացուցիչներու Անդրանիկ Հաւաք

January 28, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արդի արհեստագիտութեան հետ քայլ պահելու, ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներէն առաւելագոյն չափով օգտուելու եւ աշխատանքներու համակարգման եղանակներ ճշդելու նպատակադրումով, ուրբաթ, 25 յունուար 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ազգային առաջնորդարանին մէջ, նախագահութեամբ Լիբանանի թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսին եւ ներկայութեամբ թաղական խորհուրդներու ընկերային ցանցերու ներկայացուցիչներուն, տեղի ունեցաւ աշխատանքային հաւաք մը:

Հանդիպումի սկզբնաւորութեան, առաջնորդարանի դիւանապետ Րաֆֆի Տէմիրճեան նշեց, թէ առաջնորդարանը շուրջ երեք տարի առաջ հաստատեց տեղեկատուական բաժանմունքը, որպէսզի առաջնորդարանի գործունէութեան տեղեկատուութիւնը ունենայ արդիականացած բնոյթ, եւ որպէսզի անոր առօրեան առաւել եւս հասանելի դառնայ հասարակութեան: Ան աւելցուց, որ այս շրջագիծին մէջ համակարգումը էապէս կը նպաստէ յաւելեալ արդիւնքի ձեռքբերման եւ կազմակերպուածութեան: Այս ծիրին մէջ, Տէմիրճեան յայտնեց, որ յառաջիկայ շաբաթներուն պիտի իրականանան վերապատրաստութեան ծրագիրներ, որոնց առաջինն է եկեղեցիներու ներկայացուցիչներու լուսանկարչական դասընթացքի կազմակերպումը:

Ապա դիւանատան քարտուղար Սարին Շէմէմեան ներկայացուց թաղականութիւններու ընկերային ցանցերու ներկայացուցիչներու աշխատանքներու համակարգման եղանակները: Ան շեշտեց, որ եկեղեցիներու դիմատետրի էջերը պէտք է ունենան հասարակաց դիմագիծ, ուր պէտք է հետեւողական դրութեամբ ներկայացուին ծուխի քահանայ հայրերու, թաղական խորհուրդներու, տիկնանց յանձնախումբերու, դպրաց դասերու, կիրակնօրեայ դպրոցներու եւ այլ մարմիններու աշխատանքներն ու ծրագիրները: Աշխատանքային պատկերացումի ներկայացումէն ետք, ներկաները ներկայացուցին իրենց առաջարկները եւ մտահոգութիւնները:

Աւարտին, Նարեկ արքեպիսկոպոս գնահատեց այս նախաձեռնութիւնը եւ յոյս յայտնեց, որ համակարգման այս աշխատանքը տեղեկատուական բնագաւառէն անդին եւս կ՛իրականանայ բոլոր մարզերուն մէջ, որպէսզի մեր գործունէութիւնը առաւել եւս կազմակերպուի եւ արդիւնաւորուի: Նարեկ արքեպիսկոպոս նշեց, որ եկեղեցին պէտք է ըլլայ հոն, ուր որ ընկերութիւնը կը գտնուի, եւ երբ այսօր երիտասարդութիւնը կը գտնուի ընկերային հարթակներուն վրայ, ապա եկեղեցին եւս այդտեղ իր ներկայութեամբ պէտք է հոգեւոր եւ ազգային արժէքներուն շուրջ համախմբէ հաւաքականութիւնը:

Առաջնորդ սրբազանը շեշտեց, որ այսօր երիտասարդութիւնը մեր հոգեւոր իրականութեան կամրջելու մեծ մարտահրաւէրի դիմաց կը գտնուինք, եւ այս առնչութեամբ երեքշաբթի օրերու գիշերային պատարագները, Աստուածաշունչի սերտողութիւնները, ընկերային ցանցերու գործածութեան թափ տալը եւ այլ ծրագիրներ կը միտին երիտասարդներուն մօտ ստեղծել համապատասխան մթնոլորտն ու հաղորդակից դառնալ անոնց մտահոգութիւններուն եւ առաջարկներուն:

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

 

Նախորդը

Դո՛ւն, Մեր Սրտի Տրոփն Ես, Հայո՛ց Բանակ (28 Յունուար)

Յաջորդը

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան. Գինեձօն` ԼՕԽ-ի 26 Մասնաճիւղերու Պատմականը Բովանդակող «Մեր Պատմութիւնը» Հատորին

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ  Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

October 30, 2026
ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.