Իտալացի ֆութպոլի անուանի մասնագէտ Մարչելլօ Լիփփի, երէկ ներկայացուց իր հրաժարականը, ըսելով, որ չ՛ուզեր շարունակել մարզիչի իր պաշտօնը` Չինաստանի ֆութպոլի ազգային խումբին հետ, այս մասին յայտնեց երկրին ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը:
Նշենք, որ անոր կազմը նախանցեալ օր դուրս մնաց Ասիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքէն` քառորդ աւարտականին 3-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելէ ետք Իրանէն:
70 տարեկան Լիփփի, որ հոկտեմբեր 2016-ին նշանակուած էր Չինաստանի մարզիչ, նախապէս ըսած էր, որ 2019-ին կը մտադրէ աւարտել մարզիչի իր ասպարէզը:
Նշենք, որ անոր գլխաւորութեամբ, Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբը հանդիսացած էր աշխարհի ախոյեան:



