«Կուկըլ Ըրթ» ծրագիրի արբանեակային լուսանկարները զննելու ընթացքին, Քաշաթաղի շրջանի Քարոտան գիւղի հարաւային մասը` Որոտան ու Հագարի գետերու միախառնման կէտին վրայ, վերջերս յայտնաբերուեցաւ 14-18-րդ դարերու ամրոց մը:
Այս մասին, ըստ «Արցախփրես»-ի, յայտնեց հնագէտ Գագիկ Սարգսեան` նշելով, որ ամրոցը կը գրաւէ երկու գետերու մակարդակէն շուրջ 20 մեթր բարձրութեամբ հիւսիս-հարաւ երկարող բլուրի ձուաձեւ, ձեռակերտ հարթեցուած գագաթնամասը:
«Կառոյցը պաշտպանուած է շրջապարիսպով, որուն ներփակ տարածքին առաւելագոյն երկարութիւնը 107 մեթր է, լայնութիւնը` 36 մեթր, որ կը կազմէ 3680 քառ. մեթր: Պարսպապատերուն ընդհանուր երկարութիւնը 278 մեթր է: Պարիսպները կառուցուած են միջին չափերու ճեղքած մոխրագոյն աւազաքարէ եւ գետաբերաններէն բերուած գլաքարերէ կապակցուած ամուր կրաշաղախով: Այսօր գետինի մակերեսին կ՛երեւի միայն 1,5-2,2 մեթր լայնութեամբ պարսպապատի հիմնամասերու ուրուագիծը: Կը նկատուի նաեւ, որ շրջապարիսպը ամրացուած է ոչ-համաչափ դասաւորուած փոքր, ուղղանկիւն որմնահեծերով: Ամրոցի ներսի տարածքը մեծ մասամբ հարթ է եւ դատարկ: Կառուցապատման հետքեր կը նկատուին միայն հարաւային կողմը` հատուածաբար ուրուագծուող հիմնապատերու տեսքով», պատմեց հնագէտը:
Ըստ Գ. Սարգսեանի, ուշագրաւ է ամրոցի գլխաւոր մուտքին կառուցուածքը: Մուտքի արեւելեան աշտարակը չափերով արտաքինէն հնգանիստ զանգուած է, որուն պահպանուած ստորին մասը միաձոյլ է: Հաւանաբար անոր վերի հատուածը ունեցած է սնամէջ ծաւալ: Նոյնանման աշտարակ մը կանգնեցուած է ամրոցի հարաւարեւմտեան անկիւնը:
«Երկու աշտարակներէն բացի, երեւցող հիմնապատերէն պահպանուած են նաեւ գետնախարիսխի մասի 1,5-2 մեթր բարձրութեամբ զանգուածները: Վերջիններս գլխիվայր ինկած են իրենց իսկ հիմքերուն դիմաց: Ինկած զանգուածներուն դիրքը ակնյայտօրէն կը վկայէ, որ այս երկու աշտարակները ժամանակին պայթեցուած են: Ամրոցին կրաշաղախով կառուցուած պարիսպներուն աւերուածութեան աստիճանը թոյլ կու տայ մտածելու, որ անոր կործանման մէջ կայ նաեւ մարդկային գործօնը: Բլուրի լանջերուն կառուցապատման ցայտուն հետքեր չեն պահպանուած: Ամրոցին արեւելքը, յատկապէս, պարսպագիծին տակ փորուած պաշտպանական խրամատը արցախեան ազատագրական պատերազմի հետեւանք է», մանրամասնեց հնագէտը եւ աւելցուց, որ յուշարձանին տարածքը հարուստ է վերգետնեայ խեցեղէնով: Ճարտարապետական մանրամասնութիւններու եւ վերգետնեայ խեցեղէնի վերլուծութեան հիման վրայ յուշարձանը կը նկատուի 14-18-րդ դարերու կառոյց:



