Լիբանանի լողարշաւի ֆետերասիոնը յատուկ հաղորդագրութեան մը ընդմէջէն տեղեկացուց, որ շաբաթ, 26 յունուարին, երեկոյեան ժամը 19:30-ին, Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) պիտի կատարէ 2018 տարուան մրցանակաբաշխութիւնը:
Սակայն նախքան այս մրցանակաբաշխութիւնը, նոյն վայրին մէջ տեղի պիտի ունենայ ֆետերասիոնին համագումարը, երեկոյեան ժամը 17:30-ին:
Եթէ պատահեցաւ, որ ժողովականներուն թիւը մեծամասնութիւն չեղաւ (կէսէն նուազ), շաբաթ, 2 փետրուարին, նոյն վայրին մէջ եւ նոյն ժամուն տեղի պիտի ունենայ երկրորդ համագումարը եւ ներկաներուն թիւը մեծամասնութիւն պիտի սեպուի:



