Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլն ու ելեւմտական հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանը:
Հանդիպումէն ետք նախարար Խալիլ շեշտեց, որ քննարկած են երկրին ելեւմտական կացութիւնը եւ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին արձանագրած յապաղումին լոյսին տակ երկրին ծախսերը դասաւորելու կարեւորութիւնը:
Խալիլ յայտնեց, որ երկրին ելեւմտական կացութիւնը պիտի շարունակէ գոյատեւել ըստ կարգի, կանոնի եւ սահմանադրութեան, որպէսզի ապագային հարցեր չստեղծուին:
Խալիլ անդրադարձաւ նաեւ ելեւմտական ու տնտեսական համակարգին մէջ բարեկարգումներ որդեգրելու անհրաժեշտութեան, նախքան պետական ամավարկի քննարկումին սկսիլը:
Ան նշեց, որ համաձայնութիւն գոյացած է ելեւմտական բարեկարգում կատարելու` աւելցնելով, որ երկրին կացութիւնը հանգիստ է արաբական կարգ մը երկիրներու խոստացած օժանդակութիւններուն իբրեւ արդիւնք:
Ան հաստատեց, որ եթէ «Մուտիզ»-ի տեղեկագիրը ուշադրութեամբ կարդանք, կը տեսնենք, որ կեդրոնացումը կառավարութեան կազմութեան եւ ելեւմտական ու տնտեսական բարեկարգումներուն սկսելու վրայ է:
Իր կարգին, Քանաան հաստատեց, որ ելեւմտական բարեկարգումներու իմաստով ճիգերը պիտի շարունակուին, իսկ կառավարութեան կազմութենէն ետք, պետական ամավարկը պիտի ըլլայ անոր վաւերացնելիք առաջին ծրագիրը:
Քանաան շեշտեց, որ լիբանանցիները կրնան իրենց մտահոգութիւնները փարատել, որովհետեւ Լիբանանի ելեւմտական կացութեան նկատմամբ վստահութիւնը սկսած է վերահաստատուիլ:
Նշենք, որ նախագահ Աունի այցելեց նաեւ փտածութեան դէմ պայքարի պետական նախարար Նիքոլա Թուէյնի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան փտածութեան դէմ պայքարին առումով որդեգրուելիք դասաւորումները, ինչպէս նաեւ այս իմաստով դատական իշխանութիւններուն վերջերս ղրկուած թղթածրարները:
Նախագահ Աունի այցելեցին նաեւ նախկին նախարարներ Միխայէլ Տահեր եւ Քերիմ Բագրատունի, որոնք քննարկեցին լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
ՆՇԵՆՔ նաեւ, որ նախարար Հասան Խալիլ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Քրիսթինա Լասընի հետ: Քննարկուեցան երկրին քաղաքական ու ելեւմտական իրադարձութիւնները, եւ շեշտուեցաւ Լիբանանի քաղաքական եւ տնտեսական կայունութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը:



