Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

January 25, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի յայտնեց, որ խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերուն նիստը յետաձգուած է 7 փետրուարին:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Նազիհ Նաժարիի հետ: Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան-եգիպտական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Պուխարի յայտնեց, որ իրենք պիտի շարունակեն հետեւիլ Տաւոսի վեհաժողովի ընթացքին, Լիբանանի օժանդակութեան մասին Սէուտական Արաբիոյ ելեւմուտքի նախարարին կատարելիք յայտարարութիւններուն:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման ընդունեց Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի անդամ, երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին զօր. Սլէյման կոչ ուղղեց կազմելու կարողութիւններով օժտուած կառավարութիւն մը, որ շրջանային փոփոխութիւններուն առընթեր կարենայ  Լիբանանի սկզբունքներէն անշեղ մնալ:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի յայտնեց, որ ազգային արթնութեան ժամանակը հասած է` աւելցնելով, որ կառավարութեան կազմութիւնը կարիքէ աւելի է:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Խուրի շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն կ՛ուղղուի յստակ քայլեր առնելու` կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին վերաբերեալ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Հանի Քպայսի յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը մօտիկ ապագային պիտի կազմուի` հաստատելով, որ իրենց փափաքն է նաեւ, որ կառավարութիւնը ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կազմուի:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար յոյս յայտնեց, որ համայնքային շահերու պատճառով կառավարութեան կազմութեան դրական հոլովոյթը չվնասուի:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Շամել Ռուքոզ հաստատեց, որ ինք երկրի շահերուն համար աշխուժօրէն գործող ոչ մէկ ազգային կառավարութեան գործունէութեան դէմ պիտի ըլլայ:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Ուեհպէ Քաթիշա յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան թղթածրարը կ՛ուղղուի դէպի լուծում:

ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ Լիբանանի մէջ Մուսթաքպալ հոսանքի պատասխանատու Մուսթաֆա Ալլուշ հաստատեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հրաժարականը անհաւանական է:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Սաատ Հարիրի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ հանդիպումին ընթացքին առաջարկած է անոր հրաժարիլ կենսոլորտի նախարարութենէն:

«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Սիւննի խորհրդակցական հանդիպումը ներկայացնող նախարարը պէտք է ըլլայ չէզոք անձնաւորութիւն մը:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Սաատ Հարիրիի համար շատ դժուար պիտի ըլլայ մէկ շաբթուան ընթացքին կառավարութիւն մը կազմել: Նոյն օրաթերթը կը գրէ, թէ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ կը մերժէ ճարտարարուեստի նախարարութիւնը զիջիլ:

 

 

Նախորդը

Վենեզուելայի Տագնապին Վերաբերող Միջազգային Կեցուածքներ. Թուրքիա Կը Կանգնի Մատուրոյի Կողքին

Յաջորդը

Սուրիացի Տեղահանուածներ Շարունակեցին Իրենց Տունդարձը

RelatedPosts

Լիբանանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու,  Բրիտանիոյ, Աւստրալիոյ, Քանատայի  Եւ Ճափոնի Դեսպանատուները Միացեալ  Հաղորդագրութիւն Մը Հրապարակեցին
Լիբանանեան

Լիբանանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու, Բրիտանիոյ, Աւստրալիոյ, Քանատայի Եւ Ճափոնի Դեսպանատուները Միացեալ Հաղորդագրութիւն Մը Հրապարակեցին

November 6, 2026
Ժապեր Պոսփորի Վեհաժողովին Ներկայացուց  Հանրապետութեան Նախագահը.  «Կայունութիւնը Կը Սկսի Գերիշխանութեան  Տարածումով»  Կ՛ըսէ Նախագահ Աուն
Լիբանանեան

Ժապեր Պոսփորի Վեհաժողովին Ներկայացուց Հանրապետութեան Նախագահը. «Կայունութիւնը Կը Սկսի Գերիշխանութեան Տարածումով» Կ՛ըսէ Նախագահ Աուն

November 6, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.