Հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան յաղթանակով սկսաւ «Ճիպրալթար Մասթըրզ»-ի միջազգային մրցաշարքը (ընդամէնը` 10 հանգրուան):
Ա. հանգրուանին իր կատարած մրցումին, Արոնեան ճերմակ քարերով յաղթեց Ինտոնեզիան ներկայացնող աղջկանց կրանտմասթըր Իրենէ Սուկանտերին: Բ. հանգրուանին հայրենի կրանտմասթըրը կը մրցի ուքրանացի Մարիա Մուզիչուքի դէմ:
Մրցաշարքը յաղթանակով սկսաւ նաեւ Հայաստանի մէկ այլ ներկայացուցիչը` Հրանդ Մելքումեան, որ ճերմակ քարերով յաղթեց ռուս Տինա Փելենքայային:
Իսկ Հայաստանի աղջկանց հաւաքականի յառաջատար Էլինա Դանիէլեան սեւ քարերով հաւասարութիւն մը արձանագրեց մեքսիքացի Աւիլա Ամելիայի հետ:
Արոնեան այս մրցաշարքին գործող ախոյեանն է: Ան նախորդ տարի թայ-պրէյքով յաղթեց ֆրանսացի Մաքսիմ Վաշիէ Լակրաւին:
Տիտղոսակիրը կը ստանայ 25 հազար սթերլինկ:
Նիւթական պարգեւներ պիտի ստանան նաեւ 1-15-րդ դիրքերը գրաւողները:



