Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 12 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 1961 )

December 12, 2011
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԻՍԱՔ ԱՊԱՃԵԱՆԻ
ԱՐՏԱՍԱՆԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՆ

Շաբաթ, 2 դեկտեմբեր 1961, երեկոյեան ժամը 9:00-ին «Ազատամարտ» ակումբի սրահին մէջ Միսաք Ապաճեան ունեցաւ արտասանական երեկոյ մը` ի նպաստ «Ազատամարտ» ակումբին:

Արտասանութեան նիւթն էր Յովհաննէս Շիրազի «Սիամանթօ եւ Խաջեզարէ» բանաստեղծութիւնը` նուիրուած Վասպուրական աշխարհի Սիփան սարին:

Միսաք Ապաճեան, որ քանի մը անգամ արտասանած է այլ առիթներով, այս անգամ եւս ընդառաջ երթալով «Ազատամարտ» ակումբի վարչութեան հրաւէրին, սիրայօժար ստանձնած է արտասանել ի նպաստ ակումբին:

Ժամանակէն առաջ կոկիկ բազմութիւն մը եկած էր ունկնդրելու նորութիւն եղած արտասանական եւ կամ ասմունքի երեկոներու այս վերջին ելոյթը, որուն մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան ներկաները:

Քաջալերիչ եւ միանգամայն ուրախալի է հեղինակաւոր գրիչներու բանաստեղծութիւնները կամ վէպերը լսել կենդանի պատկերացնողի մը կողմէ, բեմին վրայ:

Այս երեւոյթը կը սատարէ հայ գրականութեան գոհարները ժողովուրդի լայն խաւերուն սեփականութիւնը դարձնելու աշխատանքին:

Այս տեսակէտէն, 2 դեկտեմբեր 1961, շաբաթ երեկոյ հաճելի եւ միանգամայն յուզիչ էր լսել ողբերգութեամբ վերջացած աւանդական այս բանաստեղծութիւնը:

Երբեք քննադատական ակնոցով չենք ուզեր մօտենալ: Ամէնէն լաւ արտասանողին համար ալ կարելի է քննադատելիք կէտեր գտնել: Մեզի համար էական է, որ հայ երիտասարդ սիրող մը համարձակութիւնը կ՛ունենայ ներկայանալ հանրութեան Յովհաննէս Շիրազի այս գեղեցիկ աւանդավէպը կարելի յաջողութեամբ ներկաներու սեփականութիւնը դարձնելուն համար: Այս ճիգին մէջ, Միսաք Ապաճեան իր կարելին ըրաւ ներկաները յուզելու, որուն իբրեւ քաջալերութիւն` խլեց բուռն ծափեր:

Յաջողութիւն կը մաղթենք Միսաք Ապաճեանին:

ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ

ՆԱՆՍԵՆԻ 100-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ
ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՀԱՆԴԷՍԸ

Կիրակի, 10 դեկտեմբերին` կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Ամերիկեան համալսարանի չեփըլին մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի հանդէս` նուիրուած նորվեկիացի մեծ հայասէր Ֆրիտեոֆ Նանսենի ծննդեան հարիւրամեակին:

ՀՅ Դաշնակցութեան Զաւարեան ուսանողական միութեան կողմէ կազմակերպուած այս հանդէսին բարձր հովանաւորութիւնը ստանձնած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Զարեհ Ա. վեհափառ կաթողիկոսը:

Հայութեան մեծ բարեկամին յիշատակին վայել լրջութեամբ հանդէսը եղաւ կատարեալ յաջողութիւն մը` ի ներկայութեան հոծ հասարակութեան մը:

Յաջորդաբար խօսք առին Շաւարշ Թորիկեան (անգլերէն), Վահէ Օշական (հայերէն) եւ ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչը` Ճոն Տիֆրէյս: Առաջին երկուքը Նանսենի գործին մօտեցան հայու ակնոցով, վեր հանելով անոր մարդու արժանիքները: Ճ. Տիֆրէյս ծանրացաւ առաւելաբար գաղթականներու ի նպաստ Նանսենի կատարած գործին վրայ:

Յակոբ Կիւլոյեան կարդաց հատուած մը Նանսենի «Հայաստան եւ Միջին Արեւելք» գիրքէն:

Դպրեվանքի սաները երգեցին «Որ յանէից…» շարականը:

Հանդէսի վերջաւորութեան, Զարեհ Ա. կաթողիկոսը տուաւ իր օրհնութեան խօսքը` արծարծելով Նանսենի անմոռանալի յիշատակը:

Նախորդը

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ. ԱՅՍՕՐ` ՀՄԸՄ ԺՈՒՆԻԷ – ՔԱՐԱՔ

Յաջորդը

ԲԱՐՈՅԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐԸ. ՊԱՊԻՆ ԵՒ ԻՄԱՄԻՆ «ՀԱՄԲՈՅՐԸ» ԿԸ ՍՐԷ ԱՏԱՄՆԵՐԸ

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.