Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Հանդիպումներու Զրոյցներէն Դէպի Բանակցային Փուլ

January 24, 2019
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տուշանպէէն եւ Փեթերսպուրկէն ետք Տաւոսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին եւ Ազրպէյճանի նախագահին միջեւ երրորդ հանդիպումը կը կայանար:

Վարչապետ Փաշինեան կը պարզաբանէր, որ նախապէս համաձայնեցուած հանդիպում չէ, եւ միջազգային հաւաքներու առիթով կազմակերպիչներուն կողմէ նախաձեռնուած հանդիպման հրաւէրի երկկողմանի ընդառաջում է, որ նախապէս երկու ղեկավարները համամտութիւն տուած են: Նման առիթներու հանդիպելու պարագային չխուսափիլ հանդիպելէ:

Երեք հանդիպումներն ալ ըստ վարչապետին ոչ պաշտօնական զրոյցներ են եւ բանակցային գործընթացի պաշտօնական փուլ չեն:

Վարչապետին հաւաստիացումով` քննարկման բովանդակութիւնը կապուած եղած է բանակցային գործընթացի պատմութեան հետ. քննարկուած են նաեւ պայմանները, կարելիութիւնները արգելքները: Միտքեր փոխանակուած են բանակցային գործընթացի ընկալումներուն ծանօթանալու: Քննարկումներու առանցքը այն բոլորն է, որ Երեւանը ըսած է հրապարակաւ: Որեւէ քուլիսային գաղտնի տարր չէ եղած այդ խօսակցութիւններուն մէջ:

Անշուշտ վարչապետի պարզաբանումները խուճապային մեկնաբանութիւններով պէտք չէ ըմբռնել. միաժամանակ նաեւ  որոշ վերապահութիւններ պէտք չէ բացառել:

Նախ անշուշտ կարեւոր է այն ըմբռնումը, որ այս հանդիպումները որեւէ ձեւով իբրեւ բանակցային փուլ պէտք չէ ընկալել. վերաբանակցիլը երկկողմ ձեւաչափով կը նշանակէ հերթական անգամ Ստեփանակերտը իբրեւ բուն բանակցող կողմ դուրս մղել եւ այսպիսով հակասած ըլլալ նախապէս ընդգծուած կենսական անհրաժեշտութեան, նոյնիսկ` նախապայմանային շեշտադրումով ընդգծել պաշտօնական Ստեփանակերտի բանակցային սեղան վերադարձի անմիջականութիւնը: Իսկ խօսակցութիւններու առանցքը մինչեւ հիմա հրապարակայնացած տեսակէտ ըլլալը անմիջապէս կը յուշէ, որ Արցախի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովուրդին եւ նաեւ համահայկական խնդիր ըլլալով սփիւռքահայութեան համաձայնութիւնը անհրաժեշտ է հանգուցալուծման առաջարկուած տարբերակին:

Հարցադրումներու տեսքով անպատասխան կը մնայ այն երեւոյթը, որ Տուշանպէէն սկսեալ Պաքուն նուազագոյնի հասցուցած է շփման գիծի կամ պետական սահմանի ուղղութեամբ իր յարձակումները: Քաղաքական բացատրութեամբ հիմնաւորեալ ենթադրութիւնը կը վերաբերի այն ձգտումին, որ Պաքուն կը դրսեւորէ անգործադրելի դարձնելու համար Վիեննայով եւ Փեթերսպուրկով հաստատուած շփման գիծին վրայ մշտադիտարկման եւ հետաքննութեան համար սարքաւորումներով կահաւորումի անհրաժեշտութիւնը:

Մինչ Ուաշինկթընը հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու առանցք կը բերէ Հայաստանի Հանրապետութեան երկկողմ ապաշրջափակումի մեկնարկ` արցախեան հարցի հանգուցալուծումը, Եւրոպայի ներկայացուցիչները հակամարտութեան լուծման նոր լիցք հաղորդելու ենթահող կը նկատեն, իսկ համանախագահները երկու կողմերուն կը յորդորեն ժողովուրդները պատրաստել խաղաղութեան:

Այս բոլորը կը նախանշեն, որ բանակցային գործընթացին վերադառնալու շարժիչ գործօններ կը բանին: Եւ եթէ մինչ այժմ նախապէս չպայմանաւորուած միջազգային հաւաքներու առիթով զրոյցներ, հանդիպումներ կը գրանցուին, այսուհետեւ կրնայ յատուկ օրակարգով միջնորդներու կողմէ նախաձեռնուած եւ կողմերու միջեւ համաձայնեցուած ժամանակացոյցի հիման վրայ հրապարակուին հանդիպումի օր, թուական, վայր:

Հայկական կողմը դիրքորոշումի հետեւողականութիւնը պահելու հարկադրանքին առջեւ է: Եւ եթէ  զրոյցներէն դէպի բանակցութիւն անցումային փուլ է, ապա պաշտօնական Ստեփանակերտի ներգրաւումը անհրաժեշտ է:

«Ա.»

Նախորդը

Նախագահ Բակօ Սահակեանի Հանդիպումը` ՀՅԴ Ընդհանուր Ժողովի Մասնակիցներուն Հետ

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.». Օքլահոմա Յաղթեց. Ուեսթպրուք` Թրիփըլ-Տապըլի Հեղինակ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.