Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վենեզուելայի Խորհրդարանի Նախագահը Ինքզինք Հռչակեց Երկրի Նախագահ

January 24, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վենեզուելայի ընդդիմադիր խորհրդարանի նախագահ Խուան Կուայտօ երէկ ինքզինք հռչակեց երկրի փոխանցման նախագահ:

Տասնեակ հազարաւոր վենեզուելացիներ ընդառաջելով Կուայտոյի կոչին փողոց դուրս եկան` բողոքելու նախագահ Նիքոլաս Մատուրոյի դէմ:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Կուայտոն ճանչցաւ իբրեւ Վենեզուելայի փոխանցման նախագահ: Ան յայտարարութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, թէ Մատուրոյի ղեկավարութիւնը «ապօրինի» է եւ Կուայտոյի ղեկավարութեամբ խորհրդարանը «կառավարութեան միակ օրինական թեւն է»:

«Վենեզուելայի ժողովուրդը քաջաբար դէմ արտայայտուեցաւ Մատուրոյին եւ անոր վարչակարգին, եւ ազատութիւն ու օրէնքի իշխանութիւն պահանջեց», ըսաւ ան` այլոց եւս կոչ ուղղելով հետեւելու իր օրինակին:

Ամերիկեան պետութիւններու կազմակերպութիւնը եւս Կուայտոն ճանչցաւ իբրեւ Վենեզուելայի ղեկավար:

Միւս կողմէ, Վենեզուելայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրօ ամերիկացի դիւանագէտներուն 72 ժամուան պայմանաժամ տուաւ հեռանալու երկրէն:

Վենեզուելայի Մէջ Ցուցարարներու Եւ Զինուորներու Միջեւ Բախումներ

Վենեզուելայի մայրաքաղաք Քարաքասի մէջ նախագահ Նիքոլաս Մատուրոյի դէմ բողոքող ցուցարարներուն եւ ազգային զինեալ ուժերուն միջեւ բախումներ տեղի կ՛ունենան: Այս մասին կը հաղորդէ «Նասիոնալ» հարթակը:

Բողոքի ցոյցերը սկսած են 22 յունուարի ուշ երեկոյեան: Որոշ շրջաններու մէջ պատուառներ կանգնեցուած են, ցուցարարները Ազգային պահակագունդի մեքենաներուն վրայ տարբեր իրեր նետած են, այրած Քարապապօ նահանգի Փուերթօ Քապելիօ քաղաքին մէջ ոստիկանական տեղամասը, ինչպէս նաեւ երկրի նախկին նախագահ Հիւկօ Չաւեզի Պոլիվար նահանգի Սան Ֆելիքս քաղաքին մէջ գտնուող արձանը:

Տեղական լրատուամիջոցներուն համաձայն, որոշ շրջաններու մէջ ցուցարարներու դէմ արցունքաբեր կազ կիրարկուած է:

Կը հաղորդուի նաեւ, որ Վենեզուելայի ազգային զինեալ ուժերը յաջողած են չէզոքացնել ցուցարարներու դէմ 23 յունուարին յարձակում նախապատրաստող խմբաւորում մը:

Վենեզուելայի ընդդիմադիր խորհրդարանի երեսփոխան Խոսէ Օլիվարեզ յայտնած է, որ բախումներուն պատճառով արձանագրուած է զոհ մը, իսկ աւելի ուշ տեղացի յայտնի լրագրող Ռոման Մաքաչոն «Թուիթըր»-ի վրայ յայտնած է 2 զոհի եւ երկու վիրաւորի մասին:

Քարաքասի մէջ զանգուածային ցոյցերը սկսած էին զինեալ ապստամբութեան ձախողումէն ետք: Մարդիկ փողոց դուրս եկած են` աջակցելով ապստամբներուն եւ բողոքելով Մատուրոյի քաղաքականութեան դէմ:

Նշենք, որ երկրի ընդդիմադիր խորհրդարանի նախագահ Խուան Կուայիտոն կ՛աջակցի ցուցարարներուն, իսկ նախագահ Մատուրոն մտադիր է քայլերու ձեռնարկել` «օտարերկրեայ միջամտութեան դէմ»:

«Վենեզուելան Մտադիր Է Վերատեսութեան Ենթարկել Միացեալ Նահանգներու Հետ Յարաբերութիւնները» Կ՛ըսէ Մատուրօ

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Մայք Փենսի յայտարարութենէն ետք, Քարաքաս մտադիր է վերատեսութեան ենթարկել Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւնները: «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Վենեզուելայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրօ:

«Ես Վենեզուելայի արտաքին գործոց նախարարութեան ղեկավարին յանձնարարած եմ սկսիլ Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւններու ամբողջական վերանայման եւ քաղաքական քայլերու ձեռնարկել», յայտարարած է Մատուրօ «Թելեսուր» պատկերասփիւռի կայանէն` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահը «խախտած է խաղի բոլոր կանոնները` սկսելով Վենեզուելայի մէջ պետական յեղաշրջում մը», որ իրենք պիտի յաղթահարեն:

Փենս նախապէս հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած էր Վենեզուելայի ընդդիմադիր խորհրդարանի նախագահ Խուան Կուայտոյի հետ եւ գոված անոր քաջութիւնը:

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահը Կուայտոյին կոչ ուղղած էր` քաղաքական խմբաւորումներու միասնութեան հասնելու եւ խոստացած էր Միացեալ Նահանգներու մնայուն աջակցութիւնը երկրին մէջ ժողովրդավարութեան վերականգնման հարցին մէջ:

 

 

Նախորդը

«Մենք Կ՛ուզենք Մընպեժի Հարցին Մէջ Միացեալ Նահանգներու Եւ Ռուսիոյ Հետ Փոխըմբռնումի Հասնիլ, Սակայն Ատիկա Չի Նշանակեր, Որ Յաւերժ Պիտի Սպասենք» Կ՛ըսէ Էրտողան

Յաջորդը

Էրտողան. «Ապագայ Ապահովական Գօտիին Շուրջ Քննարկումները Կը Շարունակուին»

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.