Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրիա Կը Սպառնայ Հարուածել Թել Աւիւի Միջազգային Օդակայանը

January 24, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Սուրիոյ մնայուն դեսպան Պաշշար Ժաաֆարի զգուշացուց, որ իր երկիրը կրնայ Թել Աւիւի միջազգային օդակայանը ռմբակոծել, եթէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը համապատասխան քայլերու չձեռնարկէ Իսրայէլի` սուրիական հողերուն դէմ կատարած յարձակումներուն առնչութեամբ:

Ժաաֆարի ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ հարց տուաւ, թէ Սուրիան պէ՞տք է յիշեցնէ, որ ինքնապաշտպանութեան իրաւունքի հիմամբ կրնայ նոյնպիսի քայլով մը հակադարձել ու ռմբակոծել Թել Աւիւի օդակայանը:

Ան նշեց, որ այդ յարձակումները տեղի պիտի չունենային, առանց Ապահովութեան խորհուրդի ձախողութեան եւ ամերիկեան անսահմանափակ աջակցութեան:

«Ժամանակն է, որ կա՛մ Ապահովութեան խորհուրդը անհրաժեշտ քայլերու ձեռնարկէ սուրիական տարածքներուն դէմ իսրայէլեան կողմի կանոնաւոր յարձակումներուն վերջ տալու համար, կա՛մ ալ Սուրիան օգտագործէ ինքնապաշտպանութեան իր օրինական իրաւունքը եւ Դամասկոսի միջազգային օդակայանին դէմ Իսրայէլի յարձակումին համարժէք պատասխան տայ` հարուածելով Թել Աւիւի օդակայանը», յայտարարեց Սուրիոյ դեսպանը:

Ժաաֆարի ըսաւ, թէ Իսրայէլի` ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն ցուցաբերած աջակցութիւնը չդատապարտուեցաւ Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ` շնորհիւ «արեւմտեան երեք պետութիւններուն», եւ շեշտեց, որ ատիկա արգելք պիտի չհանդիսանայ, որ Սուրիան «օրինական բոլոր միջոցները օգտագործելով» վերատիրանայ սուրիական բռնագրաւեալ Կոլանին, որ զիջելի չէ:

Նշենք, որ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդէն պահանջած էր անմիջական եւ խիստ քայլեր որդեգրել իսրայէլեան յարձակումներուն կրկնութիւնը արգիլելու համար:

Տանոն. «Իրան Պէտք Է Իր Ուժերն Ու Միլիսները Անմիջապէս Հեռացնէ Սուրիայէն»

Միւս կողմէ, ՄԱԿ-ի մօտ Իսրայէլի մնայուն դեսպան Տանի Տանոն Իրանը ամբաստանեց Կոլանի բարձունքներուն ուղղութեամբ ցամաքէ ցամաք միջին հասողութեամբ հրթիռ արձակելու մէջ:

Ան Իրանն ու Սուրիան պատասխանատու նկատեց այդ «թշնամական արարքին» համար եւ Իրանէն պահանջեց «իր ուժերն ու միլիսները անմիջապէս հեռացնել Սուրիայէն»:

Տանոն միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց «Իրանի հովանաւորած ահաբեկչութեան դէմ կանխարգելիչ դարման որդեգրելու»` աւելցնելով, որ Իրան իր գումարները կ՛օգտագործէ ամբողջ շրջանին ու աշխարհին մէջ ահաբեկչութիւնը հրահրելու համար: Ան ըսաւ, թէ իրանեան դրամագլուխներու հետապնդումը այդ գործունէութիւնը արգելակելու լաւագոյն միջոցն է:

ՄԱԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի տեղակալ Ճոնըսըն Քոհեն իր կարգին դատապարտեց «Սուրիայէն Իրանի կողմէ Իսրայէլի դէմ թեւաւոր հրթիռի արձակումը»` աւելցնելով. «Իսրայէլ իրաւունք ունի ինքզինք պաշտպանելու համար ամէն քայլի դիմելու»:

Ըստ անոր, Միջին Արեւելքի հարցը քննարկելու վայրը Վարշաւայի մէջ իր երկրին հովանաւորած նախարարական խորհրդաժողովն է, «որովհետեւ Ապահովութեան խորհուրդը ժամանակ կը մսխէ այս անօգուտ լսումներով»:

 

 

Նախորդը

Սուրիական Բանակը Ետ Մղած Է Ժապհաթ Նուսրայի Լայնածաւալ Յարձակումը

Յաջորդը

«Մենք Կ՛ուզենք Մընպեժի Հարցին Մէջ Միացեալ Նահանգներու Եւ Ռուսիոյ Հետ Փոխըմբռնումի Հասնիլ, Սակայն Ատիկա Չի Նշանակեր, Որ Յաւերժ Պիտի Սպասենք» Կ՛ըսէ Էրտողան

RelatedPosts

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի  Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի  Գումարումը Կը Հաստատէ
Միջազգային

Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի Գումարումը Կը Հաստատէ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.