Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահը Կ՛այցելէ Ապու Տապիի Ազգային Առաջնորդարան

January 24, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հինգշաբթի, 17 յունուար 2019-ին, երեկոյեան ժամը 18:00-ին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանը այցելեց Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարան:

Ան դիմաւորուեցաւ թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Մեսրոպ եպս. Սարգիսեանին, թեմի Ազգային երեսփոխանական եւ Ազգային վարչութեանց անդամներուն կողմէ, ներկայութեամբ Ազգային կեդրոնական վարչութեան ատենապետին եւ խուռներամ բազմութեան:

Այցելութեան սկիզբը ծաղկեպսակ զետեղուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներուն նուիրուած յուշարձան-խաչքարին դիմաց, ապա Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ գոհաբանական աղօթք, որմէ ետք սրբազանն ու Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը ուղղուեցան դէպի «Սուրէն Գոժագեան» սրահ:

Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգներէն ետք ելոյթ ունեցաւ Մեսրոպ եպս. Սարգիսեանը, որ յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, թեմի Ազգային իշխանութեան եւ հաւատաւոր ժողովուրդին` ողջունեց նախագահը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը:

Սրբազան հայրը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ մօտաւորապէս անցնող մէկ տարուան ընթացքին Արմէն Սարգսեանին արձանագրած յաջողութեանց: Խօսելով թաւշեայ յեղափոխութեան օրերուն մասին` սրբազանը ըսաւ. «Հայաստանի արդի պատմութեան մէջ մեծատառ անուններով պիտի յիշուի ձեր ունեցած դերակատարութիւնը` յատկապէս վտանգէ հեռու պահելով Երեւանի փողոցները իջած հազարաւոր  ժողովուրդը»: Ապա սրբազան հայրը անդրադարձաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց հայ գաղութին կողմէ Հայաստանի նկատմամբ ցուցաբերուած պատրաստակամութեան` կառուցելով Ապու Տապիի մէջ գործող Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը, ինչպէս նաեւ լուսարձակի տակ առաւ անոր ունեցած դերակատարութիւնը` Հաղարծին վանքի վերանորոգութեան եւ ուրիշ շատ մը այլ անհատական թէ հաւաքական ներդրումներուն` հայրենիքին մէջ:

Խօսքի աւարտին սրբազան հայրը, յանուն գաղութին, անգամ մը եւս պատրաստակամութիւն յայտնեց օգտակար դառնալու Հայաստանի Հանրապետութեան բարգաւաճութեան ու ծաղկեցման: Ապա յաջողութիւն եւ իմաստուն ղեկավարութիւն մաղթեց  Հայաստանի Հանրապետութեան ընդհանրապէս կառավարութեան ու յատկապէս նախագահին: Ան խօսքը աւարտեց հետեւեալ նախադասութեամբ. «Մեզի համար` իբրեւ սփիւռքահայ գաղութի, հին կամ նոր Հայաստան գոյութիւն չունի, այլ կայ ազատ, անկախ եւ միացեալ հայրենիք` հզօր իր սփիւռքով, վրիժառու իր Արցախով եւ ապահով իր հայկական բանակով»:

Ապա ելոյթ ունեցաւ Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանը, որ լայնօրէն անդրադարձաւ իր այցելութեան ու յատկապէս անոր ունեցած յաջող ընթացքին: Ան բարձրօրէն գնահատեց Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց հայ գաղութը, որ մեծ վաստակ եւ լաւ տպաւորութիւն ձգած է տարածաշրջանին մէջ: Նախագահը իր ելոյթին մէջ 21-րդ դարը բնորոշեց որպէս հայ ժողովուրդի յաջողութեան դար` մատնանշելով, որ հայութիւնը Աստուծոյ ընտրեալ ժողովուրդն է:

Այցելութեան աւարտին տեղի ունեցան նուէրներու փոխանակում, ապա նախագահը, ընկերակցութեամբ իր պատուիրակութեան, շրջեցաւ Արա Խանոյեան ազգային միօրեայ վարժարանին մէջ:

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

Թուրքիոյ Քիւրտերուն Ճգնաժամը Աթաթուրքէն Մինչեւ Սուլթան Էրտողան

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.