Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ Ռուսիա դաշնակիցներու հետ աշխատանք կը տանի ստեղծելու համար բազմաբեւեռ աշխարհ մը. բան մը, որ չեն ընդունիր Միացեալ Նահանգները:
Լաւրով նշեց. «Ուաշինկթըն մեզ Միջին ու կարճ հասողութեամբ հրթիռներու դաշնագիրը (ՍԹԱՐԹ) խախտելու մէջ ամբաստանելուն վրայ կը պնդէ, ինչ որ ճիշդ չէ»:
Ռուսական դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ այդ առնչութեամբ Ժընեւի մէջ տեղի ունեցած ռուս-ամերիկեան բանակցութիւնները եկան հաստատելու, որ Միացեալ Նահանգներ կը պնդեն ռազմավարական կայունութիւնը քայքայելու վրայ:
Ան նշեց, որ Ռուսիոյ շահերէն կը բխի ՍԹԱՐԹ-ը երկարաձգելը, «եւ մենք շատ աշխատանք կը տանինք անկէ հաւանական մտավախութիւնները ջնջելու»:



