
«Պի. Պի. Սի.»-ի փոխանցած տեղեկութեան համաձայն, Ղանայի մէջ սպաննուած է լրագրող Ահմետ Հիւսէյն Սուալէ, որ հետաքննութիւններ կը կատարէր երկրին ֆութպոլի ֆետերասիոնին եւ ախոյեանութեան գծով տեղի ունեցած կաշառակերութեան եւ անօրինական գործերուն շուրջ:
Անյայտ անձ մը կրակած է անոր վրայ եւ փախուստ տուած: