Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնած է, որ Մոսկուան կը զբաղի Ռուսիա-Իրան-Ազրպէյճան վեհաժողովի նախապատրաստական աշխատանքներով: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «Կազեթա» կայքը:
Լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին Լաւրով նշած է, որ այս անգամ վեհաժողովը պիտի գումարուի Մոսկուայի մէջ:
«Մենք այդպիսի վեհաժողով կը նախապատրաստենք, ես ձեզի կը հաւաստեմ` ատիկա պիտի կայանայ», ըսած է ռուսական դիւանագիտութեան պետը:
Լաւրով չէ խօսած է վեհաժողովի ընթացքին քննարկուելիք հարցերու եւ այլ մանրամասնութիւններու մասին:



